
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ ստեղծել տնտեսական չորս ազատ գօտիներ՝ «ՌԱՕ Մարս» ընկերութեան, «Զուարթնոց» օդակայանին, Հրազդանի եւ Գիւմրիի մէջ: Այս մասին յայտնած է ուժանիւթի նախարար Տիգրան Դաւթեան Փետրուար 15ին:
Նախարարը աւելցուցած է, թէ կառավարութիւնը արդէն Ազգային ժողով ներկայացուցած է համապատասխան օրինագիծը: