
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ղարաբաղա-ատրպեճանական սահմանագիծի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ, Ջրաբերդի ուղղութեամբ երէկ առաւօտեան, ատրպեճանական զինեալ ուժերը հերթական անգամ դիմած են սադրիչ գործողութիւններու:
Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն (ՊԲ) կը տեղեկացնեն, թէ հանդիպելով ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումներու կուռ պաշտպանութեան՝ թշնամիին ջոկատայինները դիմած են փախուստի: Արդարեւ, ըստ նախնական տուեալներու, հակառակորդը կորուստներ կրած է: «Նիուզ.Էյ.Զի.»ն, վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներ՝ կը յայտնէ, թէ ատրպեճանական կողմը տուած է մէկ վիրաւոր: ԼՂ Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ կրած: