ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խորհրդային տարիներուն, Փետրուարեան Ապստամբութեան տարեդարձին օրը՝ Փետրուար 18ը, ընդհանրապէս դաշնակցական գործիչներու ու ղեկավարներու կողմէ կը վերածուէր անարդարութիւն ու բռնութիւն մերժելու մեր ժողովուրդի կամքի դրսեւորման փառաբանումը կատարելու առիթի:
Հայու ձեռքով հայու դէմ անարդարութիւնն ու բռնութիւնը հիմնովին մերժելի են: Նոյնպէս՝ հայու ձեռքով հայու արիւն թափելը: Այդ իսկ պատճառով, որքա՛ն ալ փառաբանած ենք Փետրուարեան ապստամբութիւնը՝ իբրեւ մեր ազգի զաւակներու խոյանք՝ ի խնդիր ազատութեան ու անկախութեան, ապա անպայմանօրէն նաեւ անդրադարձած ենք՝ հրապարակայնօրէն թէ ներքնապէս՝ այն ընդվզումին ու ցասումին, որոնցմով դատապարտած ենք մոլեռանդ պոլշեւիկներու ձեռամբ կատարուած անկախ Հայաստանի գործիչներու կացինահարումները, ինչպէս նաեւ այն խոր ափսոսանքին՝ քաղաքացիական պատերազմի մը պարտադրանքը ապրելու:
Այսօր, անկախ Հայաստանի իրականութիւնը մեզ, բոլորիս, առաւել եւս զգօն պէտք է դարձնէ Փետրուարեան ապստամբութեան դասերուն՝ մեզ ազգովին մղելով ստեղծելու այնպիսի հասարակարգ մը, ուր արմատախիլ կ՛ըլլան անարդարութիւնն ու ամէն տեսակի ճնշումները, բռնութիւնները, եւ ուր արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ստեղծելու ճիգին լծուած են բոլորը՝ իշխանաւորն ու քաղաքացին:
Այսօր, անկախ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ կանգնած մարդիկ պէտք է գիտակցին, թէ մեծագոյն ամօթն ու խարանը կը դաջուի բոլոր անոնց ճակատին, որոնք իրենց ուժի լծակները կ՛օգտագործեն շիկացած պահելու ընկերային լարուածութիւնը՝ տնտեսական չարաշահումներու, փտածութեան թէ քաղաքացիական ազատութեանց վրայ դրուած ուղղակի կամ անուղղակի ճնշումներով: Նման վարքագիծ հայը կը լարէ հայուն դէմ:
Նման վարքագիծի մերժումը Փետրուարեան ապստամբութեան պատգամն է, պարզապէս: