
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Նիուզ».- Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան ընդունելութիւններու սրահին մէջ, Փետրուար 22ին տեղի ունեցած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան անդամ, նոյն տան Հայանպաստ խումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրենք Փալոնի գործունէութեան 15 ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին անոր յանձնուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շնորհուած Պատուոյ շքանշանը:
ԱՄՆի մօտ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան իր ողջոյնի ելոյթին մէջ նշած է, թէ Հայաստանի նախագահին կողմէ շնորհուած բարձր պարգեւը, քոնկրեսական Փալոնի 15ամեայ անձնուէր աշխատանքին ի տես գնահատանքի արտայայտութիւն է՝ հայ-ամերիկեան բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ անոր ունեցած նշանակալի աւանդին, ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ անոր հայանպաստ գործունէութեան եւ հայ ժողովուրդին խնդիրները միջազգային հանրութեան անաչառ ներկայացնելուն համար:
Շքանշանը նաեւ կ՛արտայայտէ ամերիկահայութեան վերաբերմունքը Փալոնի եւ անոր 15ամեայ վաստակին նկատմամբ:
Այնուհետեւ, Քոնկրեսական Փալոնը ողջունած եւ շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղած են նաեւ ԱՄՆի մօտ Ղարաբաղի ներկայացուցիչը, ԱՄՆ Հայ Դատի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէնները:
Աւարտին, ելոյթ ունեցած է քոնկրեսական Փալոն, որ երախտագիտութեան խօսք ուղղած է Հայաստանի նախագահին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆի մօտ ՀՀ դեսպանին եւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն՝ անոնց դրուատանքի խօսքերուն եւ տարիներու սերտ համագործակցութեան համար: Աւարտին, Փալոն յայտարարած է, թէ ինք յառաջիկային եւս պիտի շարունակէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը՝ Հայաստանը, Ղարաբաղը եւ հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն մէջ յաջողութեան հասնելու համար: