ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի տարածքին շարժում մը սկսած է խմորուելու՝ ետ դարձնելու համար ժամանակի անիւները ու քայլ առ քայլ, աստիճան առ աստիճան ոչնչացնելու համար այն, որ ահագին զոհողութիւններու, պայքարի ու աշխատանքի շնորհիւ ապահովուած է՝ աշխատաւորական արհեստակցական միութեանց գոյութիւնը:
Ահազանգող առաջին իրադարձութեան թատերաբեմը Ուիսքանսըն նահանգն է, որուն կառավարիչին նախաձեռնած օրէնսդրական նախագիծը, որ կ՛առաջադրէ զրկել նահանգային աշխատաւորներու միութիւնը իր անդամներու հաւաքական շահերը պաշտպանելու ուղղութեամբ բանակցելու իրաւունքէն, արհեստակցական միութիւններու գոյութիւնն իսկ վտանգող մահացու քայլ մըն է:
Երկիրի տնտեսական ճգնաժամի մթնոլորտը չարաշահելով՝ Ուիսքանսընի կառավարիչ Սքաթ Ուոլքըր եւ իր հանրապետական հետեւորդները ճանապարհը բացին այլ նահանգներու մէջ նմանօրինակ յետադիմական սկզբունքներով առաջնորդուող քաղաքական գործիչներու, որ իրենք ալ նոյնպէս դիմեն բանուորական ու արհեստակցական միութեանց կենսունակութիւնը հարուածող քայլերու՝ փորձելով զրկել զանոնք իրենց անդամներուն շահերը հաւաքականօրէն պաշտպանելու իրաւական հնարաւորութիւններէն:
Դրամատիրութեան ամրաբերդը նկատուուղ Միացեալ Նահանգներու մէջ, հաւանաբար, պէտք չէ զարմանալ, երբ պաշտօնեաներու կամ աշխատաւորներու շահերը ոտնակոխելու, ու այսօր յանուն պիւտճէական հաւասարակշռութեան, վաղը՝ յանուն այլ խնայողութիւններու, իսկ միւս օր արդէն պարզապէս գործատէրերուն ու մեծ ձեռնարկատէրերուն գերշահոյթներ ապահովելու նպատակով, քաղաքական ծրագիրներ հրապարակ կը նետուին:
Պէտք չէ զարմանալ, սակայն պէտք չէ նաեւ ձեռնածալ մնալ: Աշխատաւորներու իրաւունքներու սահմանափակումով բարգաւաճում ու զարգացում ապահովելու ճանապարհը, Ամերիկայի ժողովուրդը մերժած է՝ իր որդեգրած օրէնքներով: Մարդկային իրաւունքներու ու աշխատաւորին մարդկային պայմաններ երաշխաւորելու կոչուած օրէնքները պէտք է պաշտպանել: Միւս ճանապարհը երկիրը կը տանի կործանման: