
ՍԹՈՒՏԻՕ ՍԻԹԻ.- Ուրբաթ, Փետրուար 4ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայ արհեստավարժներու միութեան 2011ի վարչութեան ներկայացումը՝ խումբ մը արհեստավարժներու, հիւրերու եւ պաշտօնատարներու ներկայութեամբ: Ձեռնարկին ընթացքին, նոր վարչութեան ատենապետ Շահան Մինասեան ներկայացուց յառաջիկայ տարուան ծրագիրը, միաժամանակ դրուատելով նախորդ ատենապետ Ստեփան Պաղպուտարեանի գլխաւորած՝ 2010ի վարչութեան աշխատանքը:
Ապա, Ստեփան Պաղպուտարեան ներկայացուց 2010ի իրագործումները, այնուհետեւ, նախկին ատենապետ Ռուբէն Պուչաք եւ ձեռնարկներու ենթայանձնախումբի ատենապետուհի Քրիսթինա Թոքաթլեան ներկայացուցին 2011ի վարչութեան անդամները՝ Շահան Մինասեան (ատենապետ), Էնճըլօ Կալեան (առաջին փոխատենապետ), Թալին Հաննա (երկրորդ փոխատենապետ), Սարգօ Նալպանտ (գանձապահ): Իսկ Սեդա Խաճարեան նշանակուած է Կրթանպաստի յանձնախումբի ատենապետուհի:
Ձեռնարկի ընթացքին նաեւ յիշուեցաւ, թէ Շահան Մինասեան իր ընտանիքին մէջ երրորդ անձն է, որ ատենապետի պաշտօնին կը նշանակուի: Բեմ հրաւիրուեցան Շահանի երկու եղբայրները՝ Կարօ եւ Հայկ, որոնք նախապէս ատենապետի պաշտօն ստանձնած են՝ յատուկ պատիւի արժանանալով:
Ձեռնարկին ընթացքին կիթառով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Էրիք Գազանճեան:
1958ին հաստատուած սոյն կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 685-9946 թիւին կամ apsla@apsla.org ու APS, P.O. Box 10306, Glendale, CA, 91209 հասցէներուն: Միութեան համացանցային կայքի հասցէն է՝ www.apsla.org: