
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին, Ուաշինկթընի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին առնչուող հարցումներու։
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Քրաուլի վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը շարունակեն աշխատանք տանիլ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով՝ միաժամանակ փորձելով արագացնել բանակցութեանց գործընթացը:
Քրաուլի անդրադարձած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Պեշիր Աթալայի այն արտայայտութեան, թէ Թուրքիոյ լրագրողներ աւելի շատ մամլոյ ազատութիւններ ունին, քան Միացեալ Նահանգներու լրագրողները։ Քրաուլի այդ յայտարարութեան պատասխանելով՝ ըսած է. «Չեմ յիշեր, որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ լրագրող մը բանտարկուած ըլլայ»։
Նշենք, որ «Էրկենեքոն»ի հարցով վերջերս ձերբակալուած են «Օտա Թի.Վի.» սեփականատէրը, գլխաւոր խմբագիրը, խմբագիրը եւ լրատուական բաժինի պատասխանատուն, այնուհետեւ Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ թրքական իշխանութիւններուն յիշեցուցած էր, թէ մամլոյ ազատութիւնը ժողովրդավարութեան առաջնահերթ սկզբունքներէն է։
Comments 1