ԹՐԻՓՈԼԻ, ՊՐԻՒՔՍԵԼ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի հակառակորդ ուժերը Երկուշաբթի, Փետրուար 28ին, երկրի 3րդ մեծագոյն քաղաքին՝ Միսրաթայի մէջ, Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերու գրոհը ետ մղելու ընթացքին ուղղաթիռ մը զգետնելով՝ ձերբակալեցին անոր անձնակազմի 5 անդամները, մինչ արեւմտեան պետութեանց արտաքին գործոց նախարարները կը քննէին Քազաֆին իշխանութենէ հեռացնելու կարելիութիւնները։
Քազաֆիի ուժերը նաեւ կը փորձեն ետ մղել հակառակորդ ուժերը, որոնք սկսած են մայրաքաղաք Թրիփոլիի շուրջ օղակը սեղմել: Մայրաքաղաքէն 200 քիլոմեթր արեւելք գտնուող Միսրաթայի եւ 50 քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Զաուիայի մէջ ըմբոստները, իրենց միացած բանակային ուժերու օժանդակութեամբ, կը դիմադրեն Քազաֆիի ուժերուն յարձակումներուն։
Թրիփոլիի մէջ, Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերը շուրջ 400 ցուցարարներ ցրուելու համար օդը կրակեցին։
Դիւանագիտական գետնի վրայ, օտար կառավարութիւններ Քազաֆիի վրայ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնեն՝ յուսալով վերջ տալ առնուազն հազար զոհ պատճառած բռնարարքներուն եւ կայունութիւնը վերահաստատել քարիւղ արտադրող այս երկիրին մէջ։
Շաբաթավերջին ՄԱԿի կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներէն ետք, Եւրոմիութիւնը Երկուշաբթի օր Քազաֆիի եւ անոր ընտանեկան պարագաներէն ու սերտ գործակիցներէն բաղկացած 25 անձերու դէմ պատժամիջոցներ հաստատեց։
Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավարը Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննեց յաւելեալ քայլեր համակարգելու կարելիութիւնները։ Եւրոպական պետութիւնները, ներառեալ Լիպիոյ երկարատեւ դաշնակից Իտալիան, Քազզաֆիի կոչ ուղղեցին հրաժարելու, մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն ըսաւ, թէ Ուաշինկթըն ընդդիմադիր խմբաւորումներուն պիտի օժանդակէ: Ան յայտնեց, թէ իրենց ժողովուրդներուն դէմ բռնի ուժի դիմող կառավարութիւնները արժանի չեն գոյատեւելու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.