
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Ղարաբաղա-ատրպեճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսարեւելեան (Վերին Չայլու) ուղղութեամբ, Մարտ 4ին, հակառակորդին կողմէ հրադադարի հերթական խախտման հետեւանքով զոհուած է զինուորական ժամկէտային ծառայող Գրիգոր Շախկանեանը։
Վերջին երկու օրերուն ասիկա արձանագրուած երկրորդ միջադէպն է, որ ամբողջութեամբ կը վերագրուի ատրպեճանական բանակի առաջապահ ստորաբաժանումներու նախայարձակ գործողութիւններուն:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին, հակառակորդին կողմէ խախտուած հրադադարին հետեւանքով, Ջրաբերդի մերձակայ պաշտպանական դիրքերէն մէկուն մէջ վիրաւորուած էր զինուորական ժամկէտային ծառայող Յովհաննէս Աւդալեանը: