ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ առեւտուրի դահլիճի Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը Շաբաթ, Մարտ 26ին կայանալիք իր 12րդ տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ հայ գործարարներ, որոնք կրցած են փաստել, որ յաջողած են ու յատկանշական ներդրում ունեցած են նաեւ համայնքին կեանքին մէջ:
Այս տարուան մեծարեալներն են՝ «Գարուն Տերիզ»ի գլխաւոր տնօրէն Անդօ Պաղտասարեան (Տարուան լաւագոյն ձեռնարկութիւնը), «Սիլվիզ Քոսթիումզ»ի տնօրէն Սիլվիա Չաքմաքճեան (Տարուան լաւագոյն գործարարուհին) եւ «Միուզ Լայֆսթայլզ»ի գլխաւոր տնօրէն Միքայէլ Իսրայէլեան (Տարուան լաւագոյն գործարարը): Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ ու պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6:30ի հիւրասիրութեամբ: Ընթրիքն ու մրցանակներու տուչութիւնը պիտի սկսին ժամը 8ին: Տոմսերու, ձեռնարկի գրքոյկին մէջ ծանուցումներու եւ բարեմաղութեանց համար, դիմել aacc@armeniannchamber.com հասցէին կամ (818) 247-0196 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.