
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Թութքը (hemorrhoid) նախաղիի վեջաւորութեան հանգուցաւոր եւ ընդլայնած երակներ են, որոնք կուտակուած կ՛ըլլան արիւնով: Թութքը բնականօրէն կը պատահի բոլոր մարդոց մօտ, բայց ոչ անպայման ախտանշաններով: Հոս պիտի խօսիմ հիւանդագին թութքի մասին եւ պիտի գործածեմ «թութք» անուանումը միայն:
Թութքը կը դառնայ հիւանդագին երբ ան զգալիօրէն կը կուտակուի արիւնով եւ կը ծաւալի՝ յառաջացնելով որոշ ախտանշաններ:
Թութքը տեսնուած երեւոյթ է բոլոր ժողովուրդներու մէջ 4-5 տոկոսի համեմատութեամբ: Ան կը պատահի ամէն տարիքի առանց սեռի խտրութեան, համահաւասար համեմատութեամբ երկու սեռերուն մօտ եւ առաւելաբար 45-65 տարիքի մէջ: Ան կը գոյանայ նախաղիի ներքնապատի վերջաւորութեան:
Թութքի յառաջացման կը նպաստեն զանազան ազդակներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1. Անկանոն կղկղանցումի (defication) սովորութիւն.
2. Երկարատեւ փորի պնդութիւն.
3. Մնայուն փորհարութիւն.
4. Անկանոն եւ յոռի սննդառութիւն (malnutrition).
5. Կղկղանցումի ընթացքին երկարատեւ եւ ուժգին ճնշում.
6. Յղութիւն, որուն պատճառով տեղի կ՛ունենայ փորի պնդութիւն.
7. Աղիքներու ծուլութիւն եւ պրկումներու տկարացում, որոնց պատճառներն են՝
ա. Տարիքի յառաջացում.
բ. Նստակեաց կեանք եւ անշարժութիւն.
գ. Ներաղիքային հիւանդութիւններ.
8. Գիրութիւն-ճարպակալում.
9. Երկար ժամեր ոտքի կայնած աշխատանք.
10. Լեարդի աշխատանքի մնայուն տկարացում եւ լեարդի փճացում (liver cirrhosis).
Թութքը կը յայտնուի երկու ձեւերով՝ ներքին եւ արտաքին.
Ներքին թութքը անտեսանելի է բժշկական պարզ քննութեան ընթացքին: Ան կ՛արիւնոտի կղկղանցումով եւ կղկղանքը ծածկուած կ՛ըլլայ նոր եւ կարմիր արիւնով ինչպէս նաեւ խլնտաթաղանթային հեղուկով: Յաճախ ներքին թութքը կ՛արտանքսուի (prolapse) սրբանէն (anus) դուրս ճնշումի բանեցումով: Արտանկուած թութքը որոշ ժամանակաշրջանէ մը ետք ինքնաբերաբար նախաղի կը մտնէ: Ներքին ծաւալած թութքը կը խցէ նախաղին մասնակիօրէն եւ պատճառ կը դառնայ ոչ-ամբողջական ու դժուար կղկղանցումի: Ներքին թութքը կրնայ հանգուցաւորուիլ (twisted) եւ յառաջացնել նախաղիի սուր ցաւ, արեան շրջանարութեան կասեցում եւ թութքի խոցաւորում (ulcer) ու մեռուկի (necrosis, gangrene) կազմութիւն:
Արտաքին թութքը տեսանելի է պարզ բժշկական քննութեան ընթացքին: Ան ցցուած կ՛ըլլայ սրբանէն դուրս: Արտաքին թութքը ընդհանրապէս կը յայտնուի իբրեւ գոց կապոյտ ուռ մը, որ կը ստեղծուի արեան մակարդումով (thrombosis) եւ արիւնախիցերու (thrombus) կազմութեամբ: Այս խցումը կը յառաջացնէ ուժգին ցաւ եւ երբեմն արիւնահոսում:
Թութքի հիմնական ախտանշաններն են՝ արիւնահոսում եւ սրբանի ու յետոյքի քերուըտուք:
Թութքի ախտաճանաչումը պարզ եւ դիւրին է: Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս արտաքին թութքը տեսանելի է պարզ աչքով: Ներքին թութքը տեսանելի կ՛ըլլայ նախաղիի դիտակումով (colonoscopy):
Թութքի դարմանումը հիմնականօրէն կը կատարուի վիրաբուժական գործողութեամբ: Սակայն կան այլ միջոցառումներ, որոնք կը մեղմացնեն թութքի ծաւալումը եւ անոր յառաջացուցած այլ ախտանշանները:
Այս միջոցառումներէն յիշատակութեան արժանի են՝
1. Հետեւիլ կանոնաւոր կղկղանցումի սովորութեան.
2. Գործածել փորի պնդութեան դէմ դեղեր.
3. Գործածել կղկղանքը կակուղցնող դեղեր.
4. Կըղկղանցումէ ետք 10 վայրկիան տաք ջուրի մէջ նստիլ եւ լուացուիլ.
5. Գործածել զգայազրկիչ (anas-thetic) եւ ցաւաբեկ օծաններ (ointment) եւ ներդրիչներ (suppository).
6. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի.
7. Չգիրնալ եւ ընդհակառակը՝ նիհարնալ.
8. Հետեւիլ օրինաւոր եւ ամէնօրեայ մարմնամարզանքի.
9. Չաշխատիլ երկար ժամեր ոտքի կայնած.
10. Ներաղիքային հիւանդութիւներու գոյութեան պարագային կանխարգիլել եւ կամ դարմանել զանոնք:
Թութքի վիրաբուժական գործողութիւնը պէտք է կատարուի մասնագէտ վիրաբուժի մը ձեռամբ:
Թութքը կրնայ վերայայտնուիլ վիրաբուժական գործողութենէն որոշ ժամանակաշրջան մը ետք: Հետեւաբար կանխազգուշական միջոցառումները խիստ կարեւոր են: