ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, 25 Մարտ 2011, կէսօրէն ետք ժամը 4ին, Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի շրջանային վարչութեան կազմակերպած իւրայատուկ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին շրջանիս մէջ ծանօթ չորս ՀՕՄուհիներուն յանձնուեցաւ իրենց մեծարման համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի շնորհած «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը:
Արդարեւ, Հոկտեմբեր 2010ին, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան դիմումին ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի միջնորդական գրութեան ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսը «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրած էր շրջանիս մէջ ծանօթ չորս հայուհիներ, որոնք նաեւ արժանաւոր ՀՕՄուհիներ են. Քնար Մանճիկեան, Անահիտ Մէյմարեան, Ռիթա Որբերեան եւ Հայկոյշ Քոհլըր:
Յանուն վեհափառ հայրապետին, շքանշանի յանձնումը անձնապէս կատարելու համար ձեռնարկին ներկայ էր առաջնորդ սրբազանը, որուն կ՛ընկերակցէր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանը: Ներկայ էին ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիրներ Աբօ Պօղիկեանը եւ Արա Խաչատուրեան, «Հորիզոն» Հեռատեսիլի ծրագիրի տնօրէն Հէրի Որբերեան, ՀՕՄի անցեալի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութեանց անդամներ, մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ՀՕՄուհիներ:
Ներկաները ողջունեց ՀՕՄի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեանը, որ իբրեւ «գոհար»ներ ներկայացուց պարգեւատրեալ չորս ընկերուհիները:
«Անոնք կը պատկանին այն անձնուրաց սերունդին, որոնք ամբողջ կեանք մը տուին իրենց փայփայած կազմակերպութեան եւ անոր ընդմէջէն համայն հայութեան, անսահման ժամեր նուիրելով իրենց անսպառ գրիչով, նիւթական եւ մանաւանդ բարոյական զոհողութեամբ», ըսաւ ատենապետուհին:
«Ասպարէզ»-«Հորիզոն» լրատուական ցանցի անունով ելոյթ ունեցաւ խմբագիր Աբօ Պօղիկեան, որ ներկայ թէ բացակայ բոլոր ՀՕՄուհիներուն արժանաւորութիւնը շեշտելէ ետք, անդրադարձաւ չորս ընկերուհիներու ծանրակշիռ աւանդին հայ կեանքէն ներս ընդհանրապէս:
Ապա, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շքանշաններու յանձնումը կատարեց պարգեւատրեալ չորս ընկերուհիներուն, որոնք երկարաշունչ ծափողջոյններով ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ: Այնուհետեւ, առաջնորդ հայրը փոխանցեց իր օրնութիւններն ու շնորհաւորանքները պարգեւատրեալներուն:
Յայտագիրի վերջին բաժնով, պարգեւատրեալները հերթով երախտագիտական խօսք ըսին իրենց ընծայուած պատիւին համար:
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտէն ետք, առաջնորդ հայրը օրհնեց օրուան հիւրասիրութեան սեղանը, որ պատրաստուած եւ հովանաւորուած էր ՀՕՄի շրջանային վարչութեան ընդհանուր տնօրէնուհի Ժասիկ Ջառահեանի կողմէ:
Քնար Մանճիկեան անդամ է ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղին, մեծ դեր ունեցած է ՀՅԴ Ալպումներու պատրաստութեան մէջ: Ան հեղինակն է բազմաթիւ յօդուածներու եւ հատորներու:
Անահիտ Մէյմարեան անդամ է ՀՕՄի Անահիտ մասնաճիւղին: Եղած է ՀՕՄի շրջանային եւ կեդրոնական վարչութեանց անդամ: Հեղինակն է բազմաթիւ յօդուածներու եւ հատորներու:
Դոկտ. Ռիթա Որբերեան անդամ է ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղին: Բազմաթիւ յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակն է ան: Իր ՀՕՄուհիի պարտականութեանց առընթեր ան 19 տարիներ վարած է ՀՕՄի շրջանային վարչութեան վարիչ քարտուղարի պաշտօնը:
Հայկոյշ Քոհլըր ՀՕՄի «Ծովինար» մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետուհին է: Եղած է ՀՕՄի շրջանային եւ կեդրոնական վարչութեանց անդամ: ՀՕՄի Ջաւախք հիմնադրամի յանձնախումբի գլխաւոր պատասխանատուն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.