ԷԴԻԿ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը բաւական ուշ հասկցաւ, որ պատմաբան Եուսուֆ Հալաճօղլուն իրականութեան մէջ ոչ միայն հակահայ քարոզչութիւն է որ կ՛իրականացնէ, այլ նաեւ՝ հակաթրքական: Այդ իսկ պատճառով, իրեն զրկեցին Թուրքիոյ պատմութեան հաստատութեան տնօրէնի պաշտօնէն: Հարց պիտի տրուի, թէ ինչն էր հակաթրքական Հալաճօղլուի յայտարարութիւններուն մէջ: Հալաճօղլուն չէր ընդուներ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, սակայն կը պնդէր, որ 700էն մինչեւ 750 հազար հայ աքսորուած է, որոնց մեծ մասը մահացած է աքսորի ճանապարհին:
Այդ ընթացքին, առաջին անգամ ըլլաով, Թուրք պետական պաշտօնեայ մը, որ նաեւ պատմաբան էր, ընդունեց, որ Թուրքիան պետական մակարդակով հայերու նկատմամբ բռնի տեղահանութիւն կազմակերպած է: Հալաճօղլուն Ցեղասպանութեան պատճառով սպանուած 1.5 միլիոն հայերու թիւը չէր ընդուներ, այլ տարբեր առիթներով շրջանառութեան մէջ դրած էր սպանուած հայերու իր գնահատած թիւը՝ 500-600 հազար: Թրքական կառավարութիւնը յանկարծ գիտակցեցաւ, որ այն տուեալները եւ այն կռուանները, որ յառաջ կը բերէր Հալաճօղլուն, նոյնպէս կարելի է Ցեղասպանութիւն որակել:
Հալաճօղլուն հակահայ քարոզչական դաշտին մէջ աւելի հեռու գնաց եւ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կը բնակին առնուազն 500 հազար հաւատափոխ հայեր: Ան կ՛ուզէր ձեւով մը հիմնաւորել իր անհիմն թիւերը: Սակայն երկրին մէջ շատ մը մարդիկ, հաւատալով իր ըսածներուն, սկսան փնտռել իրենց հայկական արմատները: Կային նաեւ այնպիսի մարդիկ, որոնք թուրք ազգայնամոլներ ըլլալով հանդերձ, սկսան ստուգել իրենց ծագումը, որպէսզի յանկարծ իբրեւ հայ արմատներ ունեցող չբացայայտուին: Այս ծիրէն ներս, նոյնիսկ զաւեշտալի դէպքեր պատահեցան: Ի յայտ եկաւ, որ ազգայնամոլ կուսակցութեան ղեկավար Պահչելիի վեց եղբայրներէն մէկը, Գերմանիոյ մէջ փախստական գաղթականի կարգավիճակ ստացած է՝ քրիստոնեայ հայ ինքնութիւն ընդունելով:
Սակայն Հալաճօղլու կատարած յաջորդ քայլը, թրքական կառավարութեան համար աններելի էր: Ան յայտարարեց, որ 1936-37 թուականներուն, Տերսիմի դէպքերէն դաս քաղելու համար, թրքական ոստիկանութիւնը նահանգ առ նահանգ հաշուած եւ արձանագրած է կրօնափոխ հայ ընտանիքներու թիւը: Եւ հաշուած են ոչ միայն այն ընտանիքները, որոնք կրօնափոխ եղած են 1915ի ցեղասպանութենէն ետք, այլեւ այն ընտանիքները, որոնք կրօնափոխ եղած են մէկ սերունդ առաջ: Այդ վիճակագրութիւնները կամ փաստերը ներկայիս գաղտնի կը պահուին Թուրքիոյ Պետական արխիւի Տիեզերական սենեակին մէջ: Հալաճօղլուն կը պնդէր, որ այդ արխիւները կրնան փաստել, որ ալեւի քիւրտերը (Տերսիմի քիզիլպաշ բնիկները-«Հ») հայկական արմատներ եւ ծագում ունին: Հետաքրքրականը այն է, որ ալեւիները այս յայտարարութիւնը չհերքեցին: Թուրքիա բնակող ալեւի քիւրտերու քանակը, ամէնէն համեստ հաշուարկներով, կ՛անցնի 3 միլիոնը:
Սակայն կան աղբիւրներ եւ համացանցի վրայ հրապարակումներ, որոնք կը փորձեն ի յայտ բերել Թուրքիա բնակող կրօնափոխ հայերու համեմատաբար իսկական թիւը: Ի հարկէ այդ տուեալները լիարժէքօրէն ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ, սակայն մօտ են իրականութեան:
Ահա կրօնափոխ դարձած հայ ընտանիքներու թիւը՝ ըստ վերոնշեալ վիճայարոյց տուեալներուն.
Գարատենիզ-արեւելք եւ Արդուին՝ 9200 ընտանիք, Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ)՝ 1000 ընտանիք, Մալաթիա՝ 3655 ընտանիք, Կայսերի (Կեսարիա)՝ 5000 ընտանիք, Էլազիգ (Խարբերդ)՝ 1000 ընտանիք, Վան՝ 4000 ընտանիք, Թունջելի (Տերսիմ)՝ 2000 ընտանիք, Սիիրթ (Սղերդ)՝ 1200 ընտանիք, Սանլը Ուրֆա՝ 3500 ընտանիք, Հաթայ (Իսկենտէրուն)՝ 1100 ընտանիք, Պիթլիս (Բաղեշ)՝ 200 ընտանիք, Էրզրում (Կարին)՝ 3000 ընտանիք, Էրզինջան (Երզնկա)՝ 1300 ընտանիք, Սվազ (Սեբաստիա)՝ 2000 ընտանիք, Քահրաման (Մարաշ)՝ 3000 ընտանիք, Ատըյաման՝ 1600 ընտանիք, Ատանա՝ 2000 ընտանիք, Մերսին եւ Թարսուս՝ 1200 ընտանիք:
Հաւատափոխ հայերու թիւը իրապէս յայտնի կը դառնայ օր մը, երբ բացուին արխիւները, եւ մարդիկ հնարաւորութիւն ունենան տեղեկանալու իրենց անցեալին եւ արմատներուն մասին:
Արեւմտահայաստանը կարելի չէ Սփիւռք համարել, քանի որ այնտեղի հայութիւնը կ՛ապրի իր հայրենիքին մէջ: Եւ եթէ այսօր Սփիւռքի մէջ հրատապ խնդիր է հայապահպանութիւնը, ապա Արեւմտահայաստանի պարագային կարեւորագոյն խնդիր է կամաւոր հայացումը:
«Հորիզոն»