Հայոց Ցեղասպանութեան 96ամեակը կը թեւակոխենք Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ու Սփիւռքի առջեւ ծառացող նոր մարտահրաւէրներով, որոնք կը հունաւորեն ազգային միասնական ճիգի ու կարողականութեանց համատեղման վրայ հիմնուած հայութեան երթը:
Ներկայ պատմական հանգրուանի մարտահրաւէրները դիմակալելու համար, հայ քաղաքական միտքը բիւրեղացուցած է իր հաւատոյ հանգանակը՝ համազգային տենչերն ու իտէալները բիւրեղացնող ազգային առողջ գաղափարախօսութիւնը:
Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք պարտաւոր են այսօր Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին մասնակցելու՝ ստանձնելով իրենց կարգավիճակէն բխող յատուկ դերակատարութիւն, իրենց ստանձնած յանձնառութեան ամբողջական ու լիիրաւ կատարումով:
Միջազգային ընտանիքին կողմէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն անտեսումը չի կրնար պարտուողական ու զիջողական քայլերու առաջնորդել մեզ:
Հայ ժողովուրդը տէրն է իր պայքարին: Մեծ Եղեռնի 96ամեակի ոգեկոչումը առիթ է ամրացնելու ազգային միասնականութիւնը եւ ամրագրելու հաւատքը՝ մեծ ու ամբողջական Հայաստանի յաղթանակին նկատմամբ:
Ա՛յս հաստատումին վկան դառնալու կոչուած է այսօր ամբողջ հայութիւնը: Ա՛յս է ապրող ու ապրեցնող պատգամը Ապրիլեան նահատակներուն:
Յարգա՛նք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած նահատակներու յիշատակին:
Յարգա՛նք 24 Ապրիլ 1915ին թրքական եաթաղանով հայ ժողովուրդին պարտադրուած ճակատագիրը մերժած եւ պայքարի ճամբուն վրայ իրենց արիւնը զոհաբերած Հայ Դատի հին թէ նոր բոլոր նահատակներու յիշատակին:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ