Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանը ներկայացնող Ը. կարգի աշակերտներէն երեքը, մասնակցելով «Արարատ տան» կազմակերպած Հայոց պատմութեան տարեկան 12րդ զարգացման մրցումին՝ հանդիսացան առաջինը, մրցելէ ետք հայկական վեց այլ վարժարաններու ներկայացուցիչ խումբերուն հետ։
«Յովսէփեան»ը ներկայացնող աշակերտներն էին՝ Թոփճեան Մելինէն, Խաչատուր Քրիստափորը եւ Քէշիշեան Քրիստինը։ Սոյն զարգացման մրցումին պատրաստուելու համար աշակերտները պէտք է իւրացնեն տուեալներ հայոց պատմութենէն՝ հայ ժողովուրդի ծագումէն սկսեալ մինչեւ նորօրեայ թուականները։
Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ Ը. կարգի աշակերտներուն համար, իրենց առօրեայ դասերուն եւ արտադասարանային զբաղումներուն կողքին երկար ժամեր խլող եւ յաւելեալ ճիգ պահանջող աշխատանք մըն է ասիկա։ Աշակերտներէն կը պահանջուի ամենայն լրջութեամբ հետեւիլ իրենց դասատուին ցուցմունքներուն, եւ մեր երեք աշակերտները, որոնք բոլորն ալ յառաջադէմ ու դասարանի լաւագոյն աշակերտներէն են, արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը։
Տեղին է նշել, որ նման աշխատանքի պատրաստութեան համար անշուշտ ծնողներուն քաջալերանքին եւ օգնութեան կարիքն ալ անհրաժեշտ է։ Մեր երեք աշակերտներուն ծնողները յարատեւօրէն նեցուկ կանգնեցան իրենց զաւակներուն եւ առաւելագոյնս քաջալերեցին զիրենք։
Նման մրցանքներուն մասնակցութիւնն իսկ բաւարար կը սեպենք, նկատի ունենալով, որ անոնց միջոցաւ աշակերտները մեր հարուստ պատմութենէն եւ մշակոյթէն կարեւոր գիտելիքներ կ՛ամբարեն։ Սակայն, մեր աշակերտները յաւելեալ պատասխանատուութիւն մը դրած էին իրենց ուսերուն վրայ: Նկատի առնելով, որ նախորդ տարուան մրցանքին ալ մեր վարժարանի աշակերտները առաջնութիւնը խլած էին, այս տարուան խումբը եւս կ՛ուզէր հասնիլ այդ դիրքին. առ այդ, ամենայն կորովով ու պատրաստակամութեամբ, անոնք փարեցան պատրաստութեան աշխատանքին եւ կրցան իրականացնել իրենց փափաքը։ Սոյն աշակերտները իրենց դպրոցական առաջին տարիներուն ընթացքին արդէն ցուցաբերած էին յատուկ սէր մեր լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին հանդէպ։
Յատուկ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել իրենց դասատուին՝ Լիզա Մանոյեանին, որ դպրոցական ժամերուն կողքին, սերտողութեան յաւելեալ ժամեր յատկացուցած է մեր աշակերտներուն. վարձքը կատար։ Մեր աշակերտներն ալ կը շնորհաւորենք, եւ կը մաղթենք, որ իրենց երկրորդական վարժարաններէն ներս եւս անոնք նուաճեն նոր բարձունքներ։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)