ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Իշխանութեան եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի միջեւ ուղղակի կամ անուղղակի երկխօսութիւնը արժեւորելու ընթացքին առաջին եւ հիմնական հարցը, զոր կը դիմագրաւենք, այն է, որ այս երկխօսութիւնը առաջին հերթին նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան օրինականութեան շուրջ վէճը դուրս կը բերէ քաղաքական պայքարի օրակարգէն, իրեն հետ պայքարի լեզուն բարեկրթելով ու քաղաքակիրթ դիմագիծ մը տալով մինչեւ վերջերս արմատական ընդդիմութիւն ըլլալու պատիւը մէկուն հետ չբաժնելու տրամադրուած ՀԱԿին:
Ընտրութիւններու օրինականութեան հարցի վերացումով, յառաջիկայ ընտրութիւններուն կեղծիքի ու խարդախութեան խնդիրը դիմագրաւելէ կ՛ազատի՞ երկիրը, թէ ոչ: Յանուն արդարութեան, պէտք է ըսել, որ արմատական ընդդիմութեան անցեալի բացարձակ մերժումը՝ իշխանութեան օրինականութեան, ոչ մէկ ձեւով կրցած էր նոյնիսկ մասնակիօրէն նուազեցնել ընտրակեղծիքներու համեմատութիւնը: Նկատի առնելով, որ հիմա իշխանութիւնները առաւել եւս շահագրգռուած պիտի չըլլան արդար ընտրութիւններ կատարելու, յառաջիկային այս մարզին մէջ երբեւէ բարեփոխութիւն սպասելը միամտութիւն պիտի ըլլայ:
Հարցերուն հարցը նկատուելու արժանի ընտրութիւններու արդար կայացման՝ այսպիսի ականապատումով, կաշառակերութեան եւ փտած համակարգի առողջացման ամբողջ գործընթացը (եթէ կար նման գործընթաց) կը խափանուի:
Եթէ երկրին մէջ բոլոր հարցերը սակարկութիւններով կարելի է լուծել, ապա ուրեմն ամէն ինչի հետ նաեւ՝ Ազգային ժողովին մէջ իւրաքանչիւր կողմի պատգամաւորներուն թիւին շուրջ եւս սակարկութեան ճամբով պիտի համաձայնեցուի, իսկ նման համաձայնութիւններ կարելի է կնքել, եթէ ընտրութեան արդիւնքները կանխորոշելու հնարաւորութիւններ կան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պիտի ստեղծուի ընտրութիւնները կեղծելու մեքենան դարձեալ աշխատցնելու համախոհութիւնը, որմէ կը ծնին պետական համակարգը ծունկի բերող մնացեալ բոլոր ախտերը: