Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նոր եղանակին հետ նոր շունչով ու եռանդով տոգորուած ամրապնդեցէք ձեր արտաքին տեսքին հանդէպ ունեցած ինքնավստահութիւնը:
Ձեր ատամներուն տեսքը նուազ քան կատարեալ է: Ձեր դէմքին վրայ կը նկատէք մէկ կամ երկու թեթեւ կնճիռ: Հոգ չէ: Մոռցէք այդ թերու-թիւնները ու սիրեցէք ձեր տեսքը:
Հետեւեցէք հետեւեալ պարզ միջոցներուն:
1- Սերտեցէք գեղեցկութեան տիպարները: Ոչ անպայման անոնց նմանելու համար, սակայն նկատեցէք անոնցմէ իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւնը: Օրինակ՝ յիշեցէք Սուզըն Սըրէնտընի թեթեւակի խորշոմները, որոնք իրեն պարգեւած են առանձնայատուկ եւ սիրուն տեսք: Փորձեցէք գտնել ձեզի առանձնայատկութիւն պարգեւող մանրամասնութիւն մը:
2- Ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր մազին կտրուածքին: Գեղեցիկ ու վարպետութեամբ ձեւաւորուած մազը միշտ հրապուրիչ է եւ ձեզի կը պարգեւէ աւելի գեղեցիկ ըլլալու զգացում:
3- Ձերբազատուեցէք վատ սովորութենէ մը: Եթէ սովորաբար ձեր եղունգները կը կրծէք, դադրեցէք անմիջապէս: Եթէ յաճախ կը կեղուէք ձեր մորթէն որոշակի չորցած մասնիկներ, վերջ տուէք: Փոխարէնը տօնեցէք անկէ ձերբազատուելու առիթը, օրինակ՝ ձեր եղունգները լաւ խնամելով ու ներկելով:
4- Սիրեցէք ձեր մազին տեսակը: Գանգուռ մազը բռնի կերպով շիտակ դարձնելը անբնական եւ տգեղ կը դարձնէ զայն: Աւելի լաւ է պահել մազին իսկական բնոյթը:
5- Սահմանափակեցէք շպարի օգտագործումը: Շատ հաւանաբար դուք կարիքը չունիք շպարի բոլոր մանրամասնութիւններուն ու տեսակներուն, ընդհակառակը գոհացէք հիմնական կարիքներով ու ապրեցէք ձեր մորթին իսկական փայլքը շպարի ընդմէջէն:
6- Գտէք ձեզի համար յարմարագոյն շրթնաներկը, այն, որ բնական տեսք ունի եւ դիտողին ուշադրութիւնը չի շեղեր ձեր աչքերէն՝ լաւագոյնն է, յատկապէս երբ շրթնաներկը միակ շպարն է, զոր պիտի գործածէք:
7- Երբեմն, օր մը ամբողջ անցուցէք առանց շպարի: Այդ օրը նաեւ պէտք է տունէն դուրս ելլէք, որպէսզի համոզուիք, որ մարդիկ կը վերաբերին ձեզի հետ այնպէս ինչպէս կը վերաբերին երբ կատարելապէս շպարուած էք:
8- Ձեր յօնքերը պահեցէք ձեւաւորուած: Մասնագէտները կը շեշտեն այս կէտը եւ կը յայտնեն, թէ հոգածութեան ենթարկուած յօնքերը գեղեցիկ տեսք կու տան ձեր դէմքին, նոյնիսկ առանց որեւէ այլ շպարումի:
9- Իրատես եղէք: Ընդունեցէք, որ դուք կրնաք չնմանիլ Սինտի Քրոֆըրտին կամ Նիքոլ Քիտմընին, սակայն դուք կը նմանիք դուք ձեզի եւ ուրախ եղէք ատով:
10- Իմացէք ձեր կեանքի յաջողութիւնները: Այո, դուք ճիշդ էք՝ ասոնք կապ չունին ձեր արտաքին երեւոյթին հետ, սակայն կարեւոր մասնիկ են այն սիրուն փաթեթին, որ դուք էք:
Երկարատեւ Ընկերութիւնը Կեանք Կÿերկարէ
Լաւ ընկերներ ունիք, անոնց յարգը գիտցէ՛ք։ Անոնք կրնան ձեր կեանքը երկարել։
Աւստրալիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կÿեզրակացնէ թէ, կարծուածէն շատ աւելի, լաւ ընկերներն ու ընկերութիւնը կ՛երկարեն մարդոց կեանքը: Լաւ ու երկարատեւ ընկերութիւնները, ըստ ուսումնասիրութեան, նոյքան եւ թերեւս աւելի կարեւոր են, որքան ընտանեկան կապերը: Հետախուզութիւնը իրականացնող մասնագէտները տեսակցած են աւելի քան 1500 մարդոց հետ, որոնց տարիքները 70 եւ աւելի են: Անոնք իւրաքանչիւրին հարցուցած են, թէ որքան անձնական ու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են ընկերային շրջանակներէն, ներառեալ իրենց ընտանիքի անդամները: Ի հարկէ ուսումնասիրութիւնը նկատի առած է նաեւ երկարակեցութեան այլ ազդակներ, ինչպիսին են ընկերային-տնտեսական կացութիւնը, առողջութիւնն ու ապրելակերպը:
Մասնագէտներու խումբը ապա հետեւած է վերոյիշեալ անհատներու կեանքի տեւողութեան յաջորդ 10 տարիներուն:
Զարմանալի իրականութիւն մը յայտնուած է այս հետախուզութենէն. զաւակներու եւ ազգականներու հետ յաճախակի հաղորդակցութիւնը քիչ ազդեցութիւն ձգած է ուսումնսիրութեան ենթակայ անհատներուն երկարակեցութեան: Միւս կողմէ անոնք, որոնք ունեցած են ընկերներու եւ վստահելի բարեկամներու լայն ցանց մը եւ կապի մէջ մնացած են անոնց հետ աւելի երկար ապրած են քան անոնք որոնք ունեցած են համեմատաբար աւելի քիչ ընկերներ կամ նուազ հաղորդակցութիւն անոնց հետ:
Ուսումնասիրողները գտած են թէ «ընկերութեան ազդեցութիւնը» եղած է ուժեղ գործոն, նոյնիսկ երբ խնդրոյ առարկայ անհատը կորսնցուցած է իր կողակիցը եւ նոյնիսկ երբ ընկերներ աշխարհագրական իմաստով հեռացած են իրարմէ, սակայն մնացած են իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ:
Ընկերները որոշ ազդեցութիւն կրնան ունենալ առողջութեան վերաբերեալ կարգ մը սովորութիւններու մէջ: Աւստրալիական ուսումնասիրութիւնը սակայն կ՛զրակացնէ, թէ ընկերները մեծ ազդեցութիւն կը գործեն անհատի տրամադրութեան, ինքնագնահատումի եւ դժուար ժամանակներու հետ ընտելացման եւ ընկալման դիւրացման մէջ: