
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ, «Այսօր».- Բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամ, Մայիս 1ի առաւօտեան հասած է Լոս Անճելըս, ուր պիտի շարունակէ նախապատրաստութիւնը Մայիս 14ին, Քալիֆորնիոյ Քարսըն քաղաքին մէջ Անտրէ Ուորտի հետ՝ «Super Six World Boxing Classic» գերմրցաշարի ծիրէն ներս կայանալիք մարտին:
Աբրահամի մարզիչ Ուիլֆրիտ Զաուըրլենտ ստացած է հաւաստագիր մը, ըստ որուն, մենամարտին համար չէզոք մրցավար պիտի նշանակուի Փորթօ Ռիքօն ներկայացնող Լուիս Բապոնը:
Յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթուան ընթացքին, Զաուըրլենտ պարբերաբար կը յայտարարէր, թէ մտադիր է խանգարել Աբրահամ-Ուորտ մենամարտը, եթէ Քալիֆորնիոյ աթլեթի յանձնաժողովը չկատարէ պայմանագրային պարտաւորութիւնները եւ նշանակէ տեղացի մրցավար մը:
«Մենք շատ ուրախ ենք, որ մրցավարի հարցով տարաձայնութիւնները արդէն անցած են։ Քալիֆորնիոյ յանձնաժողովն ու Ուորտի մարզիչը վերջապէս որոշեցին հաւատարիմ մնալ ձեռք բերուած համաձայնութեան: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ անոնք սկիզբէն այդպէս չէին վարուեր…», մէջբերած է «Fightnews»ը Զաուըրլենտի խօսքերէն: