
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան նախկին կուսակցապետ Սելահատտին Տեմիրթաշ, որ ներկայիս իբրեւ անկախ թեկնածու կը մասնակցի խորհրդարանական ընտրութեանց, անգամ մը եւս խօսեցաւ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներու մէջ ինքնավար քաղաքական դրութիւն հաստատելու հրամայականին մասին ու ըսաւ, որ Թուրքիա ընդարձակ երկիր մը ըլլալով՝ կարելի չէ զայն կառավարել մէկ կեդրոնէ մը, միայն մէկ վարչապետով։ «Հաքքարին Անգարայէն շատ հեռու է. կարելի չէ, որ այսքան հեռաւորութենէ մարդիկ կարենան աշխատանք համադրել Անգարայի պաշտօնատարներուն հետ: Այս պատճառով, մենք կ՛ըսենք, թէ պէտք է յաւելեալ լիազօրութիւններ տրուին շրջանի քաղաքապետական խորհուրդներուն, որպէսզի գործարարները ու հայրենակիցները անոնց հետ դասաւորեն իրենց գործերը։ Թուրքիա մէկ վարչապետով չի կառավարուիր», ըսաւ Տեմիրթաշ: Ան աւելցուց, թէ մայրենի լեզուով կրթութիւնը եւս պէտք է արտօնուի: