ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Մայիս 19ին, երեկոյեան ժամը 8ին, կազմակերպուած է հեղինակ Պօղոս Գուբելեանի հետ հանդիպելու առիթ մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ հեղինակին նորագոյն հատորին՝ «Այն Միւս Փողոցը» վէպին, ներկայացումը: Հատորը պիտի ներկայացնէ Յարութ Սասունեանը:
«Այն Միւս Փողոցը» գործը մանրաշխարհ մըն է տիպարներու, դէպքերու եւ կացութեանց, որոնց խորապատկերը արհեստանոցային թաղ մըն է: Բայց դերակատարները նախատիպային մարդիկ են, որոնք կը հիւսեն փողոցին երբներանգ պատկերը, որուն կողքին նաեւ կ՛ընթանայ Ամերիկայի վերջին կէս դարու քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական կեանքը, ի մասնաւորի՝ Սեպտեմբեր 11ի աղէտը:
Գիրքէն օրինակ մը ապսպրելու համար այցելել, http://www.abrilbooks.com/books/11809.html կայքէջը:
Գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA: Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին: