ՆԱԶԱՐԷԹ ՍՐԿ. ՔԻՐԱԶԵԱՆ
Պատմութեան մէջ կան թուականներ, որոնք երբեք անցեալ չեն դառնար: Այդպիսին է 1915ի Ապրիլ 24ը: Մարդկային միտքն ու երեւակայութիւնը ի վիճակի չեն պատկերացնելու ահաւորութիւնը այն ողբերգութեան, որ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան սարսափազդու գեհէնին մէջ: Բնաջնջումի ենթարկուեցաւ խաղաղասէր ու ստեղծագործ ժողովուրդ մը: Աւերակոյտի վերածուեցաւ մի չքնաղ երկիր եւ հրոյ ճարակ դարձան քաղաքակիրթ ազգի մը արուեստի ու մշակոյթի գոհարներն ու հոգեւոր գանձերը: Անցնող 96 տարիները չկրցան մթագնել հայ ժողովուրդին ազգային գիտակցութեան մտահորիզոնը եւ հայ ժողովուրդը այսօր ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի, ոգեկոչելով նահատակներու խնկելի յիշատակը՝ կը մնայ զօրաւիգ իր արդար դատին եւ պահանջատէր՝ իր իրաւունքներուն:
Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու նորագոյն մարտավարութեան եւ հայ ժողովուրդի դահիճներէն Ճեմալ փաշայի թոռան՝ «Տէր Զօրից մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ. զրոյց Հասան Ճեմալի հետ» խնդրայարոյց միջոցառման տպաւորութիւններու ներքոյ, ճշգրիտ գաղափարը յղացած էր Ապրիլ ամսուան իր դասախօսութիւնը վերտառել՝ «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւը»: Կիրակի, Ապրիլ 3ին, յաւարտ Ս. պատարագի, ներկաները՝ հիւրասիրուելէ ետք կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ, շտապեցին գրաւելու իրենց տեղերը Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ունկնդրելու համար բազմավաստակ ուսուցիչ եւ հմուտ պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի դասախօսութիւնը:
Դասախօսութեան նախորդեց յաւուր պատշաճի գեղարուեստական յայտագիր մը: Եկեղեցւոյ երգչախումբը իր ելոյթը սկսաւ «Հանգչեցէք դուք անդորր նահատակ եղբայրներ» խմբերգով, որուն զուգերգի բաժինը կատարեցին շնորհալի երգչուհիներ Զուարթ Սէրայտարեան (Soprano) եւ Գարին Քիրազեան (Alto): Ապա Զ. Սէրայտարեան, Ա. Ահարոնեանի «Կոյր Աշուղի երգ»ի հիասքանչ կատարումով, արցունքներ քամեց ներկաներու աչքերէն: Աւարտին, երգչախումբը հնչեցուց «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Այնուհետեւ, հաղորդավար Պերճ Զատոյեան ներկայացուց բանախօսին գիտամանկավարժական փայլուն ուղին, որ ամբողջութեամբ նուիրում է գրականութեան, պատմութեան, նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ Հայ Դատին:
Փրոֆ. Յովհաննէսեան նախ դրուատանքի խօսքեր ուղղեց երգչախումբին ու ապա սկսաւ իր դասախօսութեան, նշելով, որ մինչեւ 1965՝ խաբէութեան, բացարձակ սուտի եւ ուրացման վրայ հիմնուած թրքական քարոզախօսութիւնը չկրցան համոզել օտարները ու միջազգային կարծիք ստեղծել ի նպաստ իրեն: 1965էն ետք, երբ գաղթաշխարհի հայերը արդէն սկսած էին դառնալու կազմակերպուած համայնքներ. անոնք միջազգային թատերաբեմ ելլելով՝ սկսան իրենց արդար պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացնելու, որուն հետեւանքով, թրքական ռազմավարութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ՝ անցնելով հակայարձակման: Անոնք սկսան ի նպաստ իրենց «փաստաթուղթեր» որոնելու թրքական արխիւներուն մէջ, յուսալով վաւերագրական հիմնաւորում տալ թրքական տեսակէտին: Սկսաւ պնդուիլ, թէ պատերազմի տարիներուն պետութիւնը չէր կրնար պաշտպանել հայերը, ի մասնաւորի քրտական յարձակումներէն եւ թալանէն, որուն հետեւանքով, հրաման կը տրուէր «վտանգաւոր» շրջաններէն՝ Կարս, Էրզրում, Վան, Տրապիզոն եւ այլ գաւառներէ, հայերը տեղափոխել «աւելի ապահով» վայրեր, խոստովանելով, որ այս ընթացքին մահացած են 200,000 հայեր, նոյնքան թուրքի ու քիւրտի դիմաց: Այս բոլոր կեղծ ուսումնասիրութիւններուն դէմ, յարգարժան դասախօսը իր տրամադրութեան տակ ունէր Ցեղասպանութենէն փրկուած 800 վերապրողներու կենդանի վկայութիւններն ու 200 վերապրողներու զաւակներուն յուշերը: Վերջին տարիներուն, ի տես հայկական Ցեղասպանութեան լայն ճանաչման, թրքական լոպին խիստ աշխուժացած է՝ իրեն նեցուկ ունենալով թրքական կառավարութեան նիւթական հսկայ միջոցները, անոնց միացնելով նաեւ եկեղեցիներու վերանորոգումներ, բարեկամական հանդիպումներ եւ ներողութեան քարոզարշաւ՝ որոշ շրջանակներու կողմէ:
Փրոֆ. Յովհաննէսեան եզրափակեց ըսելով, թէ կանխամտածուած ոչնչացման հետեւանքով հայերու կրած տառապանքները երբեք պէտք չէ հաւասարեցնել թուրքերու տառապանքներուն հետ: Ան շեշտեց, թէ հայերը ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջեն, այլ նաեւ իրենց պատմական հողերն ու բռնագրաւուած ունեցուածքը, եւ կոչ ըրաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին վերադարձնելու Թուրքիոյ տարածքին գտնուող հայկական հարիւրաւոր եկեղեցիներն ու վանքերը: Ան միաժամանակ մտահոգութեամբ ընդգծեց, որ դժբախտաբար մեր ուսուցիչները անպատրաստ են դասաւանդելու խիստ կարեւոր այս պատմական նիւթը, որուն մասին պէտք է լուրջ մտածել եւ գործնական լուծում գտնել:
Դասախօսութեան աւարտին եղած հարցումներու տեղատարափը պերճախօս վկայութիւն էր այն մեծ հետաքրքրութեան, զոր ստեղծած էր դասախօսութիւնը: Փրոֆ. Յովհաննէսեան մեծ սիրով պատասխանեց ներկաները յուզող հարցերուն՝ անոնց տալով սպառիչ պատասխաններ:
Վարձքերնիդ կատա՛ր, Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի նուիրեալ անդամներ: Շնորհակալութիւն ձեզի՝ մեծայարգ փրոֆ. Յովհաննէսեան, այս խիստ այժմէական եւ յաճելի դասախօսութեան համար: