ՔՈՒԷՅԹ, «Ռոյթըրզ».- Քուէյթցի սիւննի եւ շիի երեսփոխաններ Չորեքշաբթի, Մայիս 18ին խորհրդարանին մէջ ֆիզիքական բախում մը ունեցան, Կուանթանամոյի մէջ ձերբակալեալներու հարցի քննարկման ընթացքին:
Խորհրդարանը Կուանթանամոյի արգելափակման ճամբարին մէջ գտնուող քուէյթցիներուն հարցը կը քննարկէր՝ այդ արգելափակեալներու պաշտպան ամերիկացի փաստաբաններու ներկայութեան, երբ շիի երեսփոխան Հուսէյն Քալաֆ յայտարարած է, թէ այդ ճամբարին մէջ գտնուողները ««Քայիտա»ի շրջանաւարտներէն են»։
Իսլամ եղբայրներ շարժումէն երեսփոխան Ճամղան Հարիշ հակադարձած է եւ այլ երեսոփոխաններ եւս միջամտած են. հարցը զարգանալով՝ ստեղծուած է իրարանցում մը, որուն ընթացքին սիւննի եւ շիի երեսփոխաններ իրարու բռունցքի եւ գլխու հարուածներ հասցուցած են։
Խորհրդարանի նախագահ Ապտալլա Ռումի նիստը փակած է, սակայն երեսփոխանները դահլիճէն դուրս եւս շարունակած են իրենց կռիւը։