
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Երկիր».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Կորտըն, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կը կարծէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ հասած է խաղաղութեան համաձայնութեան նախագիծի մշակման ժամանակը։
«Մենք խորապէս կը հաւատանք, որ եկած է հիմնարար սկզբունքները հաստատելու եւ խաղաղութեան համաձայնութեան նախագիծի մշակման անցնելու ժամանակը», ըսած է Կորտըն։
Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա եւ Ռուսիա, ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ծիրին մէջ պիտի ընդլայնեն իրենց գործունէութիւնը՝ մղելու համար Հայաստանն ու Ատրպէյճանը դէպի հակամարտութիւնը խաղաղ միջոցներով լուծելու ուղին։
«Մենք վստահ ենք, որ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան պէտք է համատեղ գործեն՝ Եւրոպայի մէջ հետագայ տագնապներէն խուսափելու համար, եւ պէտք է օգնեն տարածաշրջանի երկիրներուն՝ ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճման ճանապարհով ընթանալու հարցին մէջ», ըսած է Կորտըն եւ ընդգծած, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի աջակցի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։