4 Նոյեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին վրայ, մշակութային աշխոյժ եւ հզօր տարեշրջանը սկիզբ առաւ երաժիշտ Սամուէլ Երվինեանի ելոյթով: Տոմսերը սպառած էին այդ միակ համոյթին, որ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կատարողական արուեստի կեդրոնի վերանորոգուած սրահին մէջ, հարստացնելով Լոս Անճելըսի միջոցառումներու շրջանակը:
Երվինեան եւ անոր վարպետ հայ երաժիշտներէ բաղկացած խումբը իրենց շուրջ հաւաքեցին 560 հանդիսականներ, որոնք փափաքը ունէին անձամբ զգալու ջութակահարին ժողովրդային երաժշտութեան հզօր եւ կրքոտ կատարումը՝ ընդելուզուած դասական տարրերով: Համերգը տեղի ունեցաւ Գանատայի մէջ երկու շատ յաջող ելոյթներէ ետք, որոնք կազմակերպուած էին ՀԲԸՄի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ, հեղինակաւոր AGA Khan թանգարանի հանդիսասրահին մէջ:
Հայաստան ծնած Երվինեան աշխարհի քարտէսին վրայ յայտնի է իբրեւ Եաննի նուագախումբի մենակատար: Իբրեւ վերջին տասնամեակի մենակատար աստղ՝ Երվինեան ունի իր հետեւորդները եւ երբ ելոյթներով հանդէս չի գար Եաննիի հետ, կը գլխաւորէ շրջագայութիւններ հայ նշանաւոր երաժիշտներու հետ, ինչպէս՝ Ալբերտ Բուլբուլեանի (դաշնամուր եւ ստեղնաշարեր), Վաչէ Տէր Եղիշեանի (ստեղնաշարային գործիքներ), Գագիկ Թորոյեանի (պաս), Արման Ջալալեանի (հարուածային գործիքներ) եւ Կակասի (կիթառ): Անոնք կը նախընտրեն իրենց ելոյթները կոչել «միջազգային երաժշտական ճամբորդութիւն», որովհետեւ կը ճամբորդեն աշխարհի տարածքին՝ թէ՛ բառացիօրէն, թէ՛ փոխաբերական իմաստով, ներկայացնելով փարիզեան վալսերէն եւ արժանթինեան թանկոներէն մինչեւ հունգարական ցարտաներ, նէափոլիթեան պարեր եւ հայկական ազգագրական երաժշտութիւն:
Փասատինայի ելոյթէն ետք, Երվինեան անդրադարձաւ ՀԲԸՄի հետ իր ունեցած փորձառութեան մասին եւ ըսաւ. «ՀԲԸՄի Թորոնթոյի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած երկու յաջող ներկայացումներէ ետք, հաճելի է գործակցիլ «ՀԲԸՄ Արուեստներ»ու (“AGBU Arts”) հետ, հասնելով Արեւմտեան ափի հանդիսատեսին, ուր կը գործէ հայահոծ մեծ համայնք մը: Պատրաստ եմ գործակցելու ՀԲԸՄի հետ եւ ելոյթներ ունենալու Պոսթոնի, Շիքակոյի եւ ՀԲԸՄի ներկայութիւնը վայելող այլ քաղաքներու մէջ»:
«ՀԲԸՄ Արուեստներ»ու տնօրէն Հայկ Արսէնեան իր կարգին ըսաւ հետեւեալը. «Մենք ոգեւորուած ենք վերադառնալով կենդանի միջոցառումներու եւ ծրագիրներու, հիւրընկալելով արուեստագէտներ, ինչպէս՝ Սամուէլ Երվինեանը: Անոր երաժշտութիւնը մեր հանդիսատեսին ստիպեց պահ մը մոռնալ ծանր ժամանակները, զոր կ՛ապրի մեր հայրենիքը ներկայիս: Ան փայլուն կերպով փոխանցեց հոգեզմայլ գոհունակութիւն իր երաժշտութեան միջոցով, որ միակն է, որ կրնայ հանգստացնել մարդու հոգին: Մենք նաեւ խանդավառօրէն կը շարունակենք մեր գործունէութիւնները, առաջարկելով մշակութային բազմազան միջոցառումներ, հիւրընկալելով հայ եւ ոչ-հայ արուեստագէտներ Փասատինայի կատարողական արուեստի ընդարձակ կեդրոնին մէջ, որ յագեցած է արհեստագիտական եւ ձայնային արդիական միջոցներով: Կը սպասուի շատ հարուստ եւ ոգեշնչող մշակութային տարի մը ՀԲԸՄի Արեւմտեան ափի եւ այլ համայնքներու մէջ»:
ՀԲԸՄ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կատարողական արուեստի կեդրոնի յաջորդ հիւրերն են՝ հռչակաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան եւ երաժիշտ-արուեստագէտներու համոյթ մը: Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար 11 Դեկտեմբերի համերգին մասին՝ այցելեցէք կայքէջը: