ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէնփրէս».- «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի ազգերի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ. սկզբունքի կիրառելիութիւնը պէտք է իրականացուի անվերապահ եւ առանց սահմանափակումների», Նոյեմբեր 30ին «Ուրբաթ» ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Ռուստամեան նշեց, որ այդ իրաւունքի լիարժէք իրականացումը նախ պէտք է ապահովուի Ատրպէյճանի հետ ամբողջական հաշտութեան համաձայնագիրով, իսկ չյաջողելու պարագային, անհրաժեշտ է ուղղութիւնը տեղափոխել դէպի միջազգային հանրութիւն՝ ցոյց տալու, որ այս հակամարտութիւնը միայն ժողովուրդի ինքնորոշումով հնարաւոր է լուծել:
Ա. Ռուստամեանի խօսքերով՝ «Հայկական կողմի մարտավարութիւնը պէտք է յստակ լուծի կարգաւորման եւ բանակցութիւնների գործընթացները արդիւնաւէտ դարձնելու խնդիրը: Կարգաւորման առաջնորդող գաղափարը պէտք է լինեն կարգավիճակի եւ անվտանգութեան երաշխիքների հարցերը, որոնց չլուծուած լինելը թոյլ չի տայ բանակցել այլ հարցերի շուրջ: Իսկ բանակցութիւնները տուժում են նրանից, որ հակամարտութեան կողմերից մէկը բանակցային գործընթացին չի մասնակցում»: Ռուստամեան աւելցուց, որ բանակցութիւններուն մէջ պէտք է յստակացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԼՂՀի տեղն ու դերը: Իւրաքանչիւրը պէտք է ունենայ իր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները:
Տարածքներու վերադարձի մասին հարցումի մը պատասխանելով, Ա. Ռուստամեան նշեց, որ նախ պէտք է լուծուին առաջնահերթ խնդիրները՝ կարգավիճակ եւ ապահովութիւն, որոնք պէտք իրարու կապուած ըլլան. «Չի կարող լիարժէք անվտանգութիւն լինել առանց կարգավիճակի», համոզում յայտնեց ան եւ աւելցուց, որ «այսօրուայ անվտանգութեան երաշխիքները, որքան էլ դրանք լիարժէք չեն, չպէտք է պակասեն»: Ռուստամեան ընդգծեց նաեւ, որ տարածքները պէտք չէ ըլլան միակողմանի պահանջի հարց: ԼՂՀ եւս հողային պահանջներ ունի՝ Ատրպէյճանը բռնագրաւած է ԼՂՀ տարածքներու 20 տոկոսը՝ 1028 քառակուսի քիլոմեթր: «Խօսքը ատրպեճանական ԽՍՀի տարածքում ձեւաւորուած երկու իրաւահաւասար պետութիւնների մասին է. Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է այնքան իրաւունք ունենայ խօսել տարածքային ամբողջականութեան մասին, որքան Ատրպէյճանը», նշեց Ռուստամեան:
Ա. Ռուստամեան նշեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, ընդունելով ներկայիս վարուող ՀՀ քաղաքականութիւնը, չի կրնար ընդունիլ որեւէ շեղում կամ ոչ հայանպաստ որոշում: Հակառակ պարագային, կուսակցութիւնը կը դառնայ ընդդիմութիւն: