ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ.- Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն կ’ընկերակցէր նաեւ յոյն համայնքի ներկայացուցիչ Թէոտորօ Իսարիս, երէկ հանդիպում ունեցաւ երկրի արտաքին գործոց փոխնախարար տիկ. Պելելա Էրերայի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նախարարութեան մօտ մարդկային իրաւանց հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ալեխանտրա Պելիս եւ քաղաքական հարցերու ընդհանուր տնօրէն, դեսպան Ալվարօ Կաժարտօ:
Հանդիպման ընթացքին, պատուիրակութիւնը յուշագիր մը յանձնեց փոխնախարարին, ուր թէ՛ ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան կողմէ խոր մտահոգութիւն կը յայտնուէր Լիբանանի հարաւը տեղադրուած խաղաղապահ ուժերուն մէջ թրքական զօրքերու մասնակցութեան նկատմամբ:
Յուշագրին մէջ նաեւ կասկածելի կը նկատուի թրքական չէզոքութիւնը, նկատի ունենալով, որ ան զինուորական դաշինք ունի Իսրայէլի հետ: Հոն կ’ըսուի նաեւ, որ թրքական բանակը, Լիբանանէն ոչ հեռու գտնուող Կիպրոսի տարածքի 38 տոկոսը գրաւած կը պահէ 1974էն ի վեր եւ վերջերս ալ, ամերիկեան ուժերու Իրաք ներխուժումի ընթացքին, զինուորական միջամտութեան բազմաթիւ փորձեր կատարեց, նպատակ ունենալով վերջ տալ քրտական հարցին:
Աւարտին, յուշագիրը կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիոյ զինուորական ներկայութիւնը այդ տարածաշրջանի ապակայունութեան կը ծառայէ եւ ոչ թէ հաշտութեան: Թուրքերու ներկայութիւնը թէ՛ հայոց, թէ՛ յոյներու եւ թէ Լիբանանի ժողովուրդին խիստ բողոքին արժանացաւ, տրուած ըլլալով, որ մինչեւ այսօր այդ ժողովուրդներու հաւաքական յիշողութեան մէջ թարմ են այն վայրագութիւնները, որոնք գործադրուած էին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, 20րդ դարու սկիզբները:
Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ արծարծելու թրքական միջամտութեան փորձերը Ուրուկուէյի մէջ, մարդկային իրաւանց հարցերով, ինչպէս նաեւ ԵՄի Թուրքիոյ անդամակցութեան պարագան:
Աւարտին, փոխնախարար Էրերա եւ պաշտօնատարները շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայ Դատի Յանձնախումբի տուած տեղեկութիւններուն համար, անգամ մը եւս հաստատելով, որ Ուրուկուէյ տէրն է իր խոստումներուն, որոնք կ’առնչուին մարդկային իրաւունքներուն եւ արդարութեան: