Զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցով նշանակուեցաւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի նոր հրամանատարը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Սփութնիք Արմենիա»ն՝ յղում կատարելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան իր աղբիւրին։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի նախկին խորհրդական Լենցով այս պաշտօնին պիտի փոխարինէ զօրավար-հազարապետ Անտրէյ Վոքովը, որ այս պաշտօնը վարեց շուրջ 1 տարի եւ 3 ամիս։
Լենցով մինչեւ 2020 եղած է ցամաքային զօրքերու գլխաւոր փոխհրամանատար։ Ան մասնակցած է Չեչենիոյ առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն եւ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան։
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Արցախի «Միասնական Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար, Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Բաբայեան յայտնեց, որ խաղաղապահ զօրակազմի նոր հրամանատար Ալեքսանտր Լենցով արդէն Արցախ հասած է եւ 26 Ապրիլին արդէն ինք պիտի վարէ բանակցութիւնները ատրպէյճանական կողմին հետ` Լաչինի միջանցքին մէջ տեղադրուած անցակէտը հանելու շուրջ: Ան շեշտեց, որ ատրպէյճանական անցակէտի կազմաքանդումը ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի նոր հրամանատարի հեղինակութեան հարց պիտի ըլլայ։ «Էսօրուանից պէտք է սկսեն բանակցութիւնները եւ սկսեն գործողութիւնները, իմ կարծիքով, մի երկու օր յետոյ պիտի արդէն կոնկրետ (յստակ) երեւայ` ինչ են արել: Հիմա տեսնենք` ինչքանով են կարողանալու թոյլ չտան, որ շարունակուի էդ ցիրկը (կրկէսը)», ըսաւԲաբայեան:
Պաշտօնական աղբիւրներ առայժմ չեն հաստատեր, թէ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Վոլքով պաշտօնա՞նկ եղաւ եւ անոր փոխարէն նշանակուեցաւ Լենցով:
Ըստ Բաբայեանի՝ վերջին իրադարձութիւններէն ետք ռուս խաղաղապահ զօրակազմի նոր հրամանատարին հետ Արցախ եկած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը` իրավիճակը քննարկելու նպատակով: