Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 26 Ապրիլին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ։
Ըստ Քրեմլինի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան եւ Փութին քննարկեցին Արցախի կացութեան զարգացումը՝ շեշտը դնելով տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման վերաբերող գործնական հարցերու լուծման վրայ։
Լաչինի միջանցքի կացութեան ներկայ սրման լոյսին տակ, վերահաստատուեցաւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ հիմնարար համաձայնութիւններու ամբողջ շրջանակին խստիւ պահպանման կարեւորութիւնը։
«Ռուսիոյ նախագահը համերաշխութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին սգոյ օրուան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով։ Համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու տարբեր մակարդակներով հաղորդակցութիւնները», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը իր կարգին հաղորդեց, որ քննարկումի նիւթ դարձան Լաչինի միջանցքին եւ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական կացութեան վերաբերող հարցեր։
Իսկ Միշէլի հետ Փաշինեանի ունեցած զրոյցին ընթացքին միտքեր փոխանակեցուեցան տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական եւ մարդասիրական կացութեան շուրջ։
Փաշինեան ընդգծեց, որ Բերձորի միջանցքին մէջ Ատրպէյճանի քայլերը կը նպատակադրեն Արցախի մէջ ցեղային զտումներ կատարել եւ երկիրը ամբողջութեամբ հայաթափել։ Ան շեշտեց Ատրպէյճանի կողմէ շրջանային ապահովութիւնը հարուածող գործողութիւններուն նկատմամբ միջազգային ընտանիքին համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը եւ գործօն քայլեր ձեռնարկելը՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռին անվերապահ կատարման ուղղութեամբ։
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային հոլովոյթին շուրջ։ Կողմերը կարեւոր նկատեցին շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման հետեւողական ջանքերը։