ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 24Ապրիլ 2011ին, Թուրքիոյ մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութեան ընթացքին ատելութեան ոճիրի մը զոհը դարձած էր բանակային Սեւակ Պալըքճը, այլ զինուորի մը ձեռամբ։
Սեւակ Պալըքճըի հայրը՝ Կարապետ, անցեալ տարի, դարձեալ Ապրիլ 24ին, երբ կը պատրաստուէր իր որդւոյն տարելիցին մասնակցելու, յանկարծամահ եղաւ իր բնակարանին մէջ։
Այս տարուան 23 Ապրիլին, Շիշլիի Հայոց գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ տարաբախտ հօր եւ որդիի հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Նաթան քհնյ. Արապեանի աղօթքներէն ետք, «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական հարթակը մամլոյ յայտարարութիւն մը կատարեց ողբացեալներու շիրիմներուն վրայ։
Արարողութեան մասնակցեցան Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան պատգամաւոր Ահմետ Շըք, «Նոր Զարթօնք» հարթակի երիտասարդները, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի վարչակազմը եւ Պալըքճը ընտանիքին մերձաւորները։