
Երկուշաբթի, 1 Մայիսին տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի նախօրէին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վարչապետներուն հետ:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ Պլինքընի եւ Փաշինեանի միջեւ զրոյցին ընթացքին ընդգծուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններու կարեւորութիւնը, եւ ամերիկացի դիւանագէտը խոստացաւ Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը:
Պլինքըն կրկնեց, որ ուղիղ երկխօսութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան միակ ուղին են: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց խաղաղութեան հոլովոյթին Փաշինեանի շարունակական նուիրուածութեան համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը մէկ օր առաջ հաղորդեց, որ Փաշինեան-Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանին մէջ հաստատուած ռազմաքաղաքական եւ մարդասիրական կացութեան:
Փաշինեան ընդգծեց, որ Բերձորի միջանցքին մէջ ատրպէյճանական կողմի քայլերը միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ կատարելու եւ Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ հայաթափելու իր քաղաքականութեան հետեւողական իրագործման: Ան շեշտեց Ատրպէյճանի կողմէ շրջանային ապահովութիւնը խարխլող գործողութիւններուն միջազգային ընտանիքի համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը եւ գործօն քայլերու ձեռնարկումը՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռի անվերապահ կատարման ուղղութեամբ:
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային հոլովոյթին, ներառեալ Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք քննարկումներուն շուրջ:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ մարդասիրական բնոյթի այլ հարցերու:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ զրոյցին ընթացքին Պլինքըն խոր մտահոգութիւն յայտնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը կը վտանգէ խաղաղութեան գործընթացին մէջ վստահութիւն հաստատելու ջանքերը՝ ընդգծելով Լաչինի միջանցքը կարելի եղածին չափ արագ վերաբանալու կարեւորութիւնը:
Ըստ Ուաշինկթընի տարածած հաղորդագրութեան՝ Պլինքըն խոստացաւ իր շարունակական աջակցութիւնը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղ բանակցութիւններուն՝ համոզուած ըլլալով, որ խաղաղութիւնը հնարաւոր է:
Ըստ Պաքուի՝ Ալիեւ Պլինքընին յայտնեց, որ Լաչինի մէջ անցակէտը տեղադրուեցաւ Ատրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունքներու ծիրին մէջ եւ միջազգային բոլոր սկզբունքներուն համապատասխան: Ան դիտել տուաւ, որ անցակէտին նպատակը ոչ թէ երթեւեկի սահմանափակումն է, այլ վերահսկողութեան ապահովումը, եւ մարդիկ արդէն կ՛անցնին այդ անցակէտով:
Ալիեւ նաեւ յայտարարեց, որ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքները պիտի ապահովուին Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան եւ միջազգային փաստաթուղթերու շրջանակներուն մէջ: