Ատրպէյճանի մէջ կրօնական կազմակերպութիւններու հարցերու պետական կոմիտէի նախագահ Մուպարիզ Կուրպանլի յայտնեց, որ «հայ հոգեւորականները պէտք է հեռանան» Դադիվանքէն:
Ըստ անոր` «հայերը ոչ մէկ կապ ունին այդ վանական համալիրին հետ»:
«Անիկա կը պատկանի կովկասցի ալպանացիներուն, եւ վաղ թէ ուշ անոր կառավարումը պիտի իրականացուի ալպանա-ուտիական կրօնական համայնքին կողմէ», յայտնեց Կուրպանլի:
Ատրպէյճանցիները Քելբաջարի շրջանին մէջ գտնուող հայկական հինաւուրց Դադիվանքը «Խուդաւենգ» կ՛անուանեն: 44օրեայ պատերազմէն ետք անիկա կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ: