
Քաթիա Դաւիթեան Գարակէօզեանի «Արգիլեալ Հայրենիք. Սփիւռքահայու Մը Պատմութիւնը» (Forbidden Homeland, Story of a Diasporan) հատորը 13 Մայիսին, կ.ե. ժամը 2ի եւ 4ի միջեւ պիտի ներկայացուի Պըրպենքի Barnes & Noble գրախանութին մէջ (731 N. San Fernando Blvd., Burbank, CA 91502) ։
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կրթական հարցերու բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ, Յունուարին տեղի ունեցած էր նշեալ բաժանմունքի անդամներէն Քաթիա Դաւիթեան Գարակէօզեանի սոյն գիրքին գինեձօնը եւ ներկայացումը Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ։
Հատորը արդէն իսկ շահած է Literary Titan Gold Book մրցանակը եւ երրորդ հանդիսացած է BookFest մրցանքի «Համաշխարհային քաղաքականութիւն եւ մարդկային իրաւունքներ» բաժանմունքին մէջ։
Հատորը հեղինակի ընտանեկան հետաքրքրական պատմութեան ընդմէջէն նոր լոյս կը սփռէ թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայկական Հարցին եւ թէ Արցախի տագնապին վրայ։
Հատորը կը ծախուի Amazon.com կայքին վրայ, շրջանիս Barnes & Noble, «Սարդարապատ» եւ «Ապրիլ» գրախանութներուն մէջ։