ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Աշխարհի բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, Մայրութեան խորհուրդը եւ մօր մը ունեցած դերն ու ազդեցութիւնը ճանչցուած եւ նուիրագործուած է իւրայատուկ տօնով: Ընդհանրապէս գարնան ամիսներուն, Մարտի առաջին Կիրակիէն մինչեւ Մայիսի երկրորդ Կիրակին, ժողովուրդներ օր մը ձօնած են իրենց մայրերուն:

Հիւսիսային Ամերիկայի եւ կարգ մը այլ վայրերու մէջ, Մայիսի երկրորդ Կիրակին «Մայրերու Օր» նշանակուած է եւ բոլոր եկեղեցիներու մէջ մասնաւոր պաշտամունք կը կատարուի եւ յարգանք կ՛ընծայուի մայրերուն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1995էն ի վեր իր պաշտօնական տօներու շարքին Ապրիլ 7ը հռչակած է հայոց «Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օր»:
Մօր մը դերն ու ազդեցութիւնը հզօր է ընտանիքի մը մէջ: Եւ քանի որ ազգ մը ընտանիքներէ բաղկացած ամբողջութիւն մըն է, մայրեր որոշապէս բախտորոշ դեր մը կը խաղան ազգերու կեանքին մէջ, դրական կամ ժխտական իմաստով: Մայրն է առաջին ուսուցիչը, կեանքի առաջին դպրոց եղող ընտանիքին: Օրինակներու առաջինը եւ ամէնէն ազդեցիկը մօր օրինակն է: Մանուկը առաջին անգամ մօր աչքերուն մէջ կը նայի, անոր դէմքը կը տեսնէ, անոր ձայնը կը լսէ ու անոր շեշտերը կ՛օրինակէ: Անոր նկարագիրն ու բնաւորութիւնը որեւէ բանէ աւելի կը դրոշմուին մանուկին մտքին վրայ եւ ուղղութիւն կու տան անոր կեանքին: Մայրը մանուկին գլուխն է, անոր համար կը խորհի, սիրտն է՝ անոր համար կը զգայ, ձեռքն է՝ անոր համար կը գործէ: Անոր ձայնը՝ մանուկին նուագն է:
Այստեղ անհրաժեշտ է կարեւոր հաստատում մը ընել, թէ մայրութիւնը սոսկ ֆիզիքական գոյութիւն մը չէ, այլ աստուածային վսեմ կոչում մը: Այլապէս, կենդանական եւ մարդկային կեանքի մէջ բնազդի եւ բնախօսական համանման յատկանիշներ կան: Անասուններն ալ, մարդոց պէս, սիրոյ, հոգածութեան եւ գուրգուրանքի բնազդը ունին: Անոնք ալ կեանքի գնով իրենց երախաներուն պաշտպանութեան եւ բարօրութեան նուիրուած են: Պատրաստ են իրենց կեանքը զոհելու իրենց ձագերուն համար:
Մարդկային կեանքի մէջ սակայն, մայրութիւնը կը զանազանուի իր դաստիարակչական դերով եւ առաքելութեամբ: Մայրը կոչուած է ոչ միայն ծնունդ եւ սնունդ տալու ի զաւակին, այլ նաեւ կրթելու եւ դաստիարակելու է զայն:
Արդ, իր բնազդական սէրէն եւ հոգածութենէն զատ, առաքինի մայրը կը զանազանուի իր ջամբած դաստիարակութեամբ: Մանուկ մը շատ բան կը սորվի իր շրջապատէն, բայց իր մօր ծունկերուն քով, իր առած դաստիարակութիւնը իր հետ կը տանի մինչեւ իր մահը: Մօր մը յիշատակը կը մխիթարէ եւ կը քաջալերէ զինք: Փորձութեան ժամանակ, կը զգուշացնէ եւ կը զօրացնէ զինք:
Այս աշխարհի մէջ չկայ զգացում մը, որ կրնայ բաղդատուիլ մայրական սիրոյն հետ: Առաքինի մօր մը սէրը անպարտելի է, անփոփոխ եւ անմեռ է: Սիրոյ բոլոր տեսակները կրնան պարագաներու բերումով նուազիլ, չքանալ, անէանալ, բայց առաքինի մօր մը սէրը երբեք չի փոխուիր, փոյթ չէ թէ իր զաւակը որչափ նկարագրով վատթարանայ, այլասերի եւ եղծանի:
Առաքինի մօր մը հաւատքը իր զաւակին համար անդրդուելի է, անոր համբերութիւնը անսահման է, անոր յոյսը անբեկանելի է: Մեր անմահ գրագէտ եւ քաղաքական գործիչ Աւետիս Ահարոնեան արդարօրէն դիտել կու տայ. «Անկախ բոլոր հանգամանքներից, անհատական իրաւունքներից, օրէնքներից, բարոյական հասկացողութիւնից մայրը իր զաւակի երջանկութիւնն է փնտռում աշխարհում, կատարեալ, գեղեցիկ երջանկութիւնը, որպիսին միայն նա գիտի երազել: Ոչ ոք եւ ոչինչ չի կարող հերքել նրա այս գերագոյն իղձը, որովհետեւ նա մայր է եւ նրա առաջ մեղաւոր են բոլոր նրանք, որոնք, իր սիրելիների դժբախտութեան պատճառ են հանդիսանում, թէկուզ ակամայ»:
Արդարեւ, առաքինի մօրը սէրը այնչափ հզօր է, որու առջեւ կամքը կը խոնարհի, կիրքը կը չքանայ, կեանքը կը փոխուի: Աննման են անոր սէրն ու սիրտը, անոր նկարագիրն ու կեանքը: Ան առաջին օրինակը եւ վերջին յիշատակն է իր զաւակին:
Յիրաւի, մեծ ու բախտորոշ է մօր մը դերը իր տան եւ իր պատկանած ընկերութեան մէջ, իր ազգին եւ մարդկութեան մէջ: Ի զուր չէ ըսուած՝ «Այն ձեռքերը, որ օրօրոցը կը շարժեն, աշխարհը կը շարժեն»: Իրօք, մօր «տկար» ձեռքերուն մէջ է ճակատագիրը ե՛ւ ազգին ե՛ւ աշխարհին: Մա՛յրն է իր զաւակներու նկարագրի դարբինը: Մա՛յրն է անոնց հոգիներու հողին սերմնացանը: Մա՛յրն է իր զաւակներու ճակատագրին, եւ ուրեմն նաեւ, մարդկութեան ճակատագրին հետ խաղացող էակը, որուն շինածը ոչ ոք կրնայ քանդել, եւ որուն քանդածը ոչ ոք կրնայ շինել:
Առաքինի մայրը ի վաղուց յետէ մասնաւոր արժէք ու նշանակութիւն ստացած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ազգային մեր սրբութիւններուն եւ արժէքներուն մէջ իսկ «Մայր» բառը յատուկ կարեւորութիւն ունեցած է: Ի զուր չէ, որ մեր հայ լեզուն մեզի համար «Մայր լեզու» է, հայ եկեղեցին՝ «Մայր եկեղեցի» է, մեր հայ բնաշխարհը՝ «Մայր Հայաստան»:
Մայրերու օրուան առթիւ, երբ մեր սիրոյ զգացումները կը յայտնենք մեր ապրող մայրերուն եւ մեր յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրքը կ՛ընծայենք մեզմէ մարմնապէս մեկնած մայրերուն, երբեք մտահան չընենք այն իրողութիւնը, որ իրենց կեանքով ու կենցաղով առաքինի եւ աստուածավախ մայրերն են որ ամէնէն աւելի արժանի են մեր մեծարանքին: Այդ ընտիր դաստիարակներն են, որ իրենց կենարար դերն ու անջնջելի ազդեցութիւնը ձգած են մարդկային կեանքին մէջ եւ օրհնութեան միջոց դարձած են մարդոց:
Յարգա՛նք եւ բիւր պատի՛ւ բոլոր առաքինի մայրերուն: