Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեան, որ նախորդ օրերուն կազմակերպած հանրահաւաքին կը պահանջէր զինք պետական նախարար նշանակել, սկզբունքօրէն դէմ չէ Պաշտպանութեան պետական կոմիտէ ստեղծելու եւ այդ մարմինին մաս կազմելու գաղափարին: Բաբայեանի մամլոյ ծառայութենէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ ան պատրաստ է քննարկել առաջարկը` հասկնալու այդ մարմնի լիազօրութիւններն ու գործառոյթները:
Բաբայեան նաեւ դէմ չէ ոեւէ մէկուն, որոնց կարգին նախկին պետական նախարար, գործարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ համագործակցութեան: Իսկ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականին գծով Բաբայեանի մամլոյ ծառայութենէն յայտնեցին, որ այս պահուն Բաբայեանը այդ հարցին չ՛անդրադառնար, քանի որ այս փուլին կը քննարկուի Պաշտպանութեան կոմիտէի ստեղծման միջոցով կառավարաման նոր ձեւաչափի կարելիութիւնը:
1992ին Արցախի մէջ ստեղծուած Պաշտպանութեան կոմիտէի օրինակով կառավարման ձեւաչափի առաջարկով 18 Մայիսին հանդէս եկաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան` ընդգծելով, որ եթէ այդ տարբերակը չգործէ, ապա նախագահ Յարութիւնեան պէտք է հրաժարական տայ:
Պաշտպանութեան պետական կոմիտէն այդ օրերուն Արցախի մէջ կատարեց գործադիր եւ մասամբ օրէնսդիր իշխանութեան գործառոյթները: Կոմիտէի նախագահը Ռոբերթ Քոչարեանն էր, որ կը կատարէր վարչապետի պարտականութիւնները։
«Առաջարկել եմ, որը մեզ փրկել է 90ական թուականներին: Դա Պետական պաշտպանութեան կոմիտէն է: Եւ երկրի նախագահին առաջարկել եմ այդ կազմում երկու մարդու եւ ես չգիտեմ նրանց կարծիքը: Շատ հնարաւոր է, որ հրաժարուեն: Ռուբէն Վարդանեանին եւ Սամուէլ Բաբայեանին: Ինչո՞ւ: Հարցեր մի տուէք: Պարոն նախագահ, եթէ այդ ձեւաչափը չաշխատեց, հիմա կարող է առաջին անգամ որեւէ անձի ցաւ պատճառեմ: Հրաժարականի դիմում ներկայացրէք, պարոն նախագահ, կամ դրէք ձեր վստահութեան հանրաքուէն: Եթէ ժողովուրդը չի վստահում, որ ընտրուել էք, ապա կը հեռանաք», յայտարարեց Թովմասեան:
Միւս կողմէ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան տակաւին ուղղակի չէ արձագանգած Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին առաջարկին, սակայն այսօր «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ անուղղակի, առանց անուններ տալու, շեշտեց, որ այս պահուն չեն կրնար արտօնել նոյնիսկ սովորական քաղաքական հակադրութիւն կամ ճգնաժամ:
«Սա պէտք է հասկանան բոլորը` ե՛ւ նրանք, ովքեր հրաժարական տալու տարբեր նախաձեռնութիւններով են հանդէս գալիս, ե՛ւ նրանք, ովքեր Հայաստանում իրենց թոյլ են տալիս անզգոյշ յայտարարութիւններ անել: Մենք հիմա մեր Սահմանադրութիւնից ոչ մի քայլ չենք կարող շեղուել: Եթէ մեզ թոյլ տանք կասկածի տակ առնել, թէ ում իշխանութիւնն է լեգիտիմ (օրինական), իսկ ումը` ոչ, ապա հէնց վաղը թշնամին օգուտ կը քաղի դրանից: Ուստի կոչ եմ անում բոլորին` պետութեան ղեկավարին, խորհրդարանի ղեկավարին, կուսակցութիւնների ու քաղաքական ուժերի առաջնորդներին եւ անգամ ինքս ինձ, չտրուել զգացմունքներին եւ չփնտռել որեւէ անսպասելի լուծումներ իրաւական դաշտից դուրս: Իշխանութիւնն Արցախում մէկ վայրկեանով անգամ չի կարող գետնին ընկնել», գրեց Վարդանեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ կը վերաբերէր Բաբայեանի ղեկավարած Միասնական հայրենիք կուսակցութեան պահանջին՝ Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանով բանավէճ կազմակերպելու՝ Բաբայեանի ու Վարդանեանի միջեւ, որպէսզի վերջիններս ներկայացնեն Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամի յաղթահարման իրենց տեսակէտներն ու ծրագրերը, առանց անուններ տալու, Վարդանեան «քաղաքական բանավէճեր»ու նախաձեռնողները յորդորեց քաղաքական հակամարտութիւններէ զերծ մնալ եւ միասնութիւն դրսեւորել:
Աւելի քան հինգ ամիս շարունակուող շրջափակման պայմաններուն մէջ Արցախի մէջ մարդկային ճգնաժամին զուգահեռ հնարաւոր քաղաքական ճգնաժամի մասին խօսեցաւ նաեւ նախագահը: Բաբայեանի հանրահաւաքէն, Ազգային ժողովի նախագահի առաջարկէն ու Վարդանեանի յայտարարութիւններէն ետք, Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւնները, որոնց ծիրին մէջ արդէն կայացած է հանդիպում՝ խորհրդարանի իշխող խմբակցութեան պատգամաւորներուն հետ:
«Խորհրդակցութիւնների աւարտին ընդունուելու ենք որոշումներ, որոնք հնարաւորութիւն կը տան խուսափել ներքաղաքական ճգնաժամից եւ չխարխլել պետականութեան հիմքերը», նշեց Արցախի նախագահը: