

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը իր եռամեայ ռազմավարական-մարտավարական ծրագրաւորման ժողովը գումարեց Շաբաթ, Մայիս 20, 2023ի առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:30, Կլենտէյլի «Կլենմարք» պանդոկի ժողովասրահէն ներս:
Խնամակալ մարմինը այսպիսի ժողովներու ընթացքին ազգային վարժարաններու տեսլականին համապատասխան նպատակային ու աշխատանքային քարտէս մը կը հաստատէ եւ ըստ այնմ կը ձեւակերպէ յաջորդ տարիներու իր ծառայութեան դաշտը՝ Ազգային վարժարաններու վերելքին համար:
Ռազմավարական ծրագրաւորման այս ժողովին ներկայ էին Խնամակալ մարմինի բոլոր անդամները եւ պաշտօնէութիւնը: Ժողովի օրակարգերէն մէկուն սերտողութեան համար, առցանց կարգավիճակով իրենց մասնակցութիւնը եւ ներդրումը ունեցան նաեւ Ազգային վարժարաններու տնօրէնները եւ մանկամսուրներու վարիչները:
Խնամակալ մարմինը վիճակագրական տուեալներու եւ մասնագիտական սեմինարներու սերտողութեան լոյսին տակ վերատեսութեան ենթարկեց եւ բարեփոխեց նպատակներու եւ աշխատանքներու իր ամբողջական ընթացքը:
Այս ծրագրաւորման լոյսին տակ, Խնամակալ մարմինը Ազգային վարժարաններու տնօրէնութեանց, մանկամսուրներու վարիչներուն եւ տեղական մարմիններուն հետ գործակցաբար պիտի առաջնորդէ Ազգային վարժարանները դէպի նոր բարձունքներ եւ յաջողութիւններ:
Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան թիւը պատմական չափանիշ մը արձանագրած է: Մեր աշակերտութեան թիւը վերջին 15 տարիներուն գրեթէ կրկնապատկուած է: Ներկայիս ունինք աւելի քան 3500 հայ աշակերտութիւն, որ Ազգային մանկամսուրներուն եւ վարժարաններուն մէջ կը դաստիարակուի որպէս լիիրաւ մարդ, հայ եւ քաղաքացի:
Բաւական արդիւնաւէտ ժողով մըն էր, ուր սպառիչ կերպով խօսուեցաւ տիրող իրավիճակին, յառաջիկայ տարիներու կանխատեսելի մարտահրաւէրներուն եւ աշխատանքային հոլովոյթին մասին:
Նորարարական աշխարհին պարտադրած իրավիճակը, իր դրական եւ բացասական երեսներով, սերնդափոխութեան զուգահեռ զարգացող նոր մտայնութիւններն ու հոգեբանութիւնները եւ ազգային ու հայրենական առումով տիրող պատմական իրադարձութիւնները, Ազգային վարժարանները ղեկավարող Խնամակալ մարմինը աւելի շրջահայեաց մարտավարութիւն մը որդեգրելու եւ ազգային-կրթական նշաձողը բարձրացնելու հրամայականին առջեւ կը դնեն:
Խնամակալ մարմինը իր փորձառու եւ մասնագիտական անձնակազմին շնորհիւ պատրաստ է այդ մարտահրաւէրները ստանձնելու եւ Սփիւռքի մեր ազգային-կրթական օճախները ձեռնհասօրէն առաջնորդելու:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ