Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը դիտարկող monumentwatch.org կայքը կը գրէ. «Մայիսի 11ին Շուշի այցելած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մասնակցած է Շուշիի նախկին կերպարուեստի թանգարանին մէջ կազմակերպուած Հայտար Ալիեւին նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման։
Տեսանիւթին մէջ յստակ կ՛երեւի, որ թանգարանի մուտքին տեղադրուած քանդակները այլեւս չկան․ չկան նաեւ թանգարանի սրահներուն մէջ ցուցադրուած ստեղծագործութիւնները։
Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի հաւաքածոյին բոլոր ստեղծագործութիւններու վիճակն ու վայրը կը մնայ անյայտ։
Կրնանք փաստել նաեւ, որ Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանի բակը գտնուող ժամանակակից արուեստագէտներու Քանդակներու պուրակը եւս ամբողջութեամբ վերցուած է, իսկ ստեղծագործութիւններուն ճակատագիրը նոյնպէս կը մնայ անյայտ։ Այդ մասին անդրադարձ կատարուած էր տակաւին 2021ի Օգոստոսի 15ին, Caucasus Heritage Watch-ի հրապարակած արբանեակային լուսանկարներուն շնորհիւ, որուն անդրադարձած էր «Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» ծրագիրի խմբակը։
Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին աւերումը Ատրպէյճանի ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններու եւ հռչակագիրներու շարք մը դրոյթներու կոպիտ խախտում եւ ոտնահարում է»։