ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Պետութիւն հասկացութիւնը համեմատաբար նոր բառակապակցութիւն է այն իմաստով, ինչպէս այսօր կ՛ընկալուի: Մինչեւ մօտիկ անցեալը, գոյութիւն ունէին միայն քաղաք-պետութիւններ, կամ փոքր ու մեծ կայսրութիւններ, որոնց տարածքին կ՛ապրէին էթնիկ տարբեր խմբաւորումներ՝ տարբեր լեզուներով եւ մշակոյթներով, ուր իշխանութիւնը կ՛ըլլար այդ խմբաւորումներէն հզօրագոյնին ձեռքը, ընդհանրապէս՝ ամենաբազմամարդ տարրը այդ տարածքին: Ոմանց համաձայն, միայն Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք է որ պետութիւն հասկացութիւնը սկսաւ ձեւաւորուելու, երբ աշխարհագրական որոշ տարածքի, նոյնալեզու տարբեր հաւաքականութիւններով բնակավայրերու վրայ՝ կեդրոնական իշխանութեան մը պարտադրանքով, հիմնուած էր Ֆրանսական պետութիւնը: Ուրիշներ այդ հասկացութեան թուականը կը նկատեն աւելի ուշ՝ տասնիններորդ դարը, երբ գերմանական տարբեր միաւորներ միացան մէկ պետութիւն կազմելով, նոյնը՝ Իտալիոյ տարբեր քաղաք-պետութիւններու (city states) պարագային:
Հայութեան պարագային, պետութիւն հասկացութիւնը շատ աւելի նոր է, հակառակ անոր որ վաղ անցեալին եւ միջին դարերուն ունեցած ենք թագաւորութիւններ, սակայն անոնք եղած էին այնքա՛ն թոյլ, որ կեդրոնական իշխանութիւնը բաւարար չափով իր կամքը չէր կրցած տեւականօրէն պարտադրել նոյն ժողովուրդին պատկանող կեդրոնախոյս շրջանային ուժերուն վրայ: Այդպէս է, որ ենթարկուելով ամէն կողմէ արշաւող բանակներու, Հայկական բարձրավանդակին վրայ բնիկ ժողովուրդ՝ հայութեան կողքին գոյացած են այլազգիներ, որոնք վերջապէս կործանած են հայկական ինքնիշխանութիւնը եւ «պետութիւնը»: Երկար դարերու բացակայութենէն ետք, միայն 1918ին, Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով կրցանք վերստին ունենալ մեր պետութիւնը, որմէ ետք լծուեցանք պետականաշինութեան դժուար եւ երկար ժամանակ պահանջող գործին, որ երկու տարի ետք՝ 1920ին, դժբախտաբար ընդհատուեցաւ, երբ մաս կազմեցինք Խորհրդային Միութեան:
Այդ միութեան կամ կայսրութեան փլուզումէն եւ Հայաստանի անկախութենէն ետք, յաճախ խօսուած է պետականաշինութեան մասին, արձանագրուած են որոշ յաջողութիւններ, առանց սակայն մեծ յառաջընթաց արձանագրելու, որուն պատճառը արդէն բոլորս գիտենք: Վերջին պատերազմին մեր պարտութենէն ետք, պետականաշինութեան կիսատ մնացած գործը աւելի մեծ ջանքեր կը պահանջէ մեզմէ, որուն համար ալ տեսականօրէն բոլորս մասնակից պէտք է ըլլանք: Սակայն, իրականութեան մէջ, այդպէս չէ՛: Խորքին մէջ, մեծամասնութիւնը կրաւորական կը մնայ: Ուստի, եթէ երկրի ապագան կ՛որոշուի առանց իւրաքանչիւրիս ներկայութեան, ներդրումին եւ որոշումին, որովհետեւ զբաղած ենք այլ գործերով, մեր անձնական կամ ընտանեկան հոգերով, ապա ո՛չ մենք, ոչ ալ մեր զաւակները բացառուած են այդ կրաւորական վերաբերմունքի բացասական հետեւանքներէն:
Այո՛, ահռելի շատ գործ կայ պետականութիւնը հզօրացնելու ճանապարհին, ինչին համար պէտք է օգտագործել մեր բոլորի՛ն ներուժը, թէ՛ նիւթական, թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ մտային: Որովհետեւ՝ պետութիւնը առանձինն անկարող պիտի ըլլայ մեր առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու, իսկ անոնք այնքա՛ն շատ են, որ թերեւս պէտք է սկսիլ առաջնահերթութիւններէն, այսինքն՝ այն ոլորտներէն, որոնք անմիջական կապ ունին մեր ազգային անվտանգութեան հետ. հետեւելով նոյնանման վտանգներու առջեւ գտնուող այլ պետութիւններու օրինակին, սակայն, այդ անկարելի՛ է. որովհետեւ, եթէ անցեալ դարերուն եւ մանաւանդ ճարտարարուեստի յեղափոխութենէն առաջ մարդկութիւնը իր ապրուստը կը հոգար երկրագործութեան միջոցով, հիւղակներու շուրջ ածուներու տարածքին ցորեն կամ բանջարեղէն ցանելով, ապա այսօր ան մեծամասնութեամբ կախեալ է տարբեր մասնագիտութիւններէ եւ աշխատանքներէ: Հետեւաբար, պետութիւններուն համար տնտեսութիւնը եւ մարդկանց աշխատանք ապահովելը նոյնպէս ազգային անվտանգութեան մաս կը կազմէ: Այսուհանդերձ, քսանմէկերորդ դարուն, առաջնահերթութիւն է ռազմարդիւնաբերութիւնը եւ կրթական ոլորտը, որոնք իրարու հետ սերտօրէն կապուած են:
Իսրայէլը, մինչեւ անցեալ դարու իննսունականները, գլխաւորաբար երկրագործական երկիր կը նկատուէր: Հակառակ երկրի տարածքին կէսը անապատային ըլլալուն, անիկա հասած էր այն մակարդակին, որ իր սնունդի պէտքերուն համար ոչ միայն ինքնաբաւ էր, այլ միրգեր եւ բանջարեղէն արտածող երկիր դարձած էր: Իսրայէլ առաջատար էր գիւղատնտեսական արհեստագիտութեան մէջ եւ առաջինը՝ կաթիլային ոռոգման կիրառման մէջ: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, խորհրդային հրէութեան (աւելի քան մէկ միլիոն) Իսրայէլ ներգաղթէն ետք է որ բարձրակարգ գիտութեան վրայ հիմնուած startup-ները շատցան: Այսօր, այդ երկրի տնտեսութեան առաջին դիրքը կը գրաւեն արհեստագիտական եւ ռազմարդիւնաբերական ոլորտները: Երբ այլեւս պատերազմները աւանդական ահռելի սուղ սպառազինութենէն կ՛անցնին արհեստական բանականութեան ընձեռած նորարարական զինատեսակներու, Իսրայէլ արդէն առաջատար ռազմարդիւնաբերական երկիր է եւ՝ զէնքեր արտածող: Ահա այդ գիտական, արհեստագիտական, բժշկական եւ այլ ոլորտներու մէջ զարգացման միջոցով, Իսրայէլի նման փոքր պետութեան մը տարեկան ՀՆԱն (GDP) մօտաւորապէս 600 միլիառ տոլար կը կազմէ, մինչ Սէուտական Արաբիոյ նման քարիւղ արտահանող հարուստ երկիրի մը ՀՆԱն՝ 800 միլիառ տոլար:
Երկրագործութեան վրայ հիմնուած աղքատ երկիր էր նաեւ Ֆինլանտան, մշտապէս վտանգուած իր հարեւան Ռուսիոյ կողմէ: Այսօր, ան կը դասուի առաջնակարգ երկիրներէն մէկը արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ եւ հանրածանօթ է իր NOKIA հեռախօսներով ու կրթական ոլորտի իւրայատկութեամբ: Միայն հինգ միլիոն բնակչութեամբ, անոր ՀՆԱն կը կազմէ շուրջ 300 միլիառ տոլար, իսկ ռազմական հզօրութեան մէջ, ան կը դասուի աշխարհի 51րդը: Այսպէս են նաեւ այլ փոքր երկիրներ՝ Զուիցերիան, Շուէտը, Սինկափուրը եւ այլն:
Հայաստանը բոլոր ոլորտներուն մէջ շատ ետ մնացած է վերոնշեալ երկիրներէն: Մեզի շնորհուած անկախութեան այս երեսուն տարիները ապաշնորհաբար մսխած ենք: Ժամանակն է որ մենք մեզ վերագտնենք, ինչին համար առաջնահերթութիւն է ռազմարդիւնաբերութիւնը եւ գիտութիւնը, որոնց համար ալ անհրաժեշտ են մեր իշխանութեան անյապաղ նախաձեռնութիւնները՝ հիւպատոսարաններուն եւ դեսպանատուներուն միջոցով Սփիւռքի մեր կազմակերպութեանց հետ գործակցաբար՝ կազմելու բոլոր ոլորտներուն մէջ առկայ գիտնականներու, գիտաշխատողներու, տնտեսագէտներու եւ մասնագէտներու ցանկագրումը, ապա անոնց հետ գործակցութիւնը եւ միութիւններու կազմակերպումը: Նաեւ՝ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող մարմիններու վերաշխուժացումը, զանոնք մղելով Հայաստանի ի նպաստ նախաձեռնութիւններու՝ հայրենիքի մէջ տարբեր մասնագիտութիւններու առաջացման եւ կատարելագործման նպատակով, ինչպէս նաեւ հիմնարկներու եւ գործարաններու հիմնումին եւ ղեկավարման: Օրինակ մը տալու համար, Միացեալ Նահանգներու մէջ քանի մը տարի առաջ հիմնուած էր ASEA-ն (Armenian Scientists and Engineers of America): Պետութիւնը, յանձինս Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի, պէտք է խթանէ անոր գործունէութիւնը, անոր հետ գործակցութիւնը, եւ այսպիսով քաջալերէ ուրիշ մասնագիտութիւններու ծիրէն ներս այլ մարմիններու ստեղծումը՝ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլեւ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին: Այս ռազմավարութեան դիմած են մեզմէ շատ աւելի ուժեղ պետութիւններ, ինչպէս Հնդկաստանը, Չինաստանը, Իսրայէլը, գործակցելով իրենց սփիւռքներուն հետ: Անշուշտ, այդ ուղղութեամբ կան ոգեւորիչ միտումներ: Կայ նաեւ պետութեան կողմէ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան զարգացման համար ամավարկի յաւելեալ տրամադրում, եւ բոլորովին նոր այլ որոշում մը, որ կ՛ենթադրէ աշխարհի 400 առաջնակարգ համալսարաններէ վկայուած անհատներու՝ Հայաստանի մէջ աշխատելու պարագային՝ իրենց ներկայ աշխատավարձերուն չափով նիւթական վարձատրութիւն (subsidy): Պէտք է զարկ տալ մեր երեւակայութեան եւ գտնել նորանոր մտայղացումներ՝ միտուած երկրի բարգաւաճման եւ հզօրացման: Զարգացած երկիրներու եւ մեր հարեւան պետութիւններուն համեմատ, շատ ետ մնացած ենք:
Աշխատելու անվերջանալի ասպարէզ կայ: Պէտք է անյապաղ գործի լծուինք: