Երկուշաբթի գիշեր, Մայիս 29ին, Արամ վեհափառ հայրապետը Ժընեւէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ:
Վեհափառ հայրապետին եւ պատրիարքին խորհրդակցութեանց առանցքը հանդիսացաւ Երուսաղէմի պատրիարքութեան պատկանող «Կովերու պարտէզ»ին շուրջ վերջերս ծագած խնդիրը:
Հայրապետը պատրիարքին ուշադրութեան յանձնեց այս հարցին գծով մեր ժողովուրդին եւ շրջանին հետ առնչութիւն ունեցող երկիրներուն մօտ յառաջացած մտահոգութիւնը:
Պատրիարքը վստահեցուց վեհափառ հայրապետին, որ «Կովերու պարտէզ»ին շուրջ կայացած համաձայնութիւնը չեղեալ համարելու ուղղութեամբ արդէն իսկ սկսած է գործնական քայլերու դիմել: