Եւրոպական խորհրդարանի Պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը եւրոպացի դիտորդներու հետ 21 Յունիսին այցելեց Սիւնիք: Դիտորդները պարեկութիւն կատարեցին Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքին մօտ:
Վերոնշեալ ենթայանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազօ եւ Եւրոպական խորհրդարանի Ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը Սիսիանի օդակայանին մէջ ընդունուեցան Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրի եւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինի կողմէ, եւ միասին մեկնեցան Լաչինի միջանցքը, ուր իրենց աչքերով տեսան կացութիւնը։
Օրուան աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Լուազօ ըսաւ, որ Լաչինի միջանցքի փակումը ապօրինի է եւ պէտք է դադրեցուի՝ վերահաստատելով Եւրոպական խորհրդարանի դիրքորոշումը Լաչինի միջանցքի փակման հարցով:
Ան նշեց, որ Հայաստան կ՛այցելեն՝ իրենց օժանդակութիւնը յայտնելու ժողովրդավարական գործընթացներուն եւ բարեփոխումներուն, որոնց ականատես կ՛ըլլան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան միտուած բոլոր այն ջանքերուն, որոնք ուղղուած են դրացի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու գաղափարին:

«Մենք ուզեցինք անձամբ հաւաստիանալ եւ գնահատել իրավիճակը եւ նաեւ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը, որ արդէն չորս ամիսէ ի վեր կ՛աշխատի սահմանին վրայ: 20 Յունիսին, Երեւանի մէջ ունեցանք հանդիպումներ պաշտօնեաներու հետ, որոնց կարգին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու: Այսօր այցելեցինք Գորիս, հանդիպում ունեցանք Սիւնիքի մարզպետին, Գորիսի համայնքապետին, Հայաստանի մէջ տեղակայուած Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու հետ եւ անոնց հետ զրուցեցինք 44օրեայ պատերազմին եւ Լաչինի միջանցքի փակման մասին: Նաեւ մօտեցանք Լաչինի միջանցքի մուտքին եւ մեր աչքերով տեսանք Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ամբողջական եւ ապօրինի փակումը: Լսեցինք զինուած միջադէպերու աճող քանակին եւ Հայաստանի գերիշխան տարածքը ներխուժման մասին: Տեղեկացանք Երասխի միջադէպին մասին, որուն թիրախ դարձան քաղաքացիներ: Մենք նաեւ տեղեկացանք Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ տեղի ունեցած միջադէպին մասին, երբ ատրպէյճանցիները փորձեցին դրօշակ բարձրացնել: Ես կ՛ուզեմ յղել խիստ ուղերձ մը, որ որքան ալ Հայաստան նուիրուած է խաղաղութեան, Ատրպէյճան պարտաւոր է ապացոյցներ ներկայացնել առ այն, որ ինք եւս նուիրուած է խաղաղութեան: Եւրոպական Միութիւնը ջանք կը թափք, որպէսզի դիւրացնէ կապերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններուն միջեւ», ըսաւ Լուազօ:
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութիւնը կը ջանայ լարուածութիւնը նուազեցնել, եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը պէտք է նպաստէ այդպիսի լարուածութեան նուազեցման:
Լուազօ դիտել տուաւ, որ պատերազմ սկսելու համար ընդամէնը մէկ երկիր պէտք է, բայց զայն դադրեցնելու համար պէտք է երկու երկիրներու բարի կամքի դրսեւորումը: «Արդէն ժամանակը հասած է կայուն խաղաղութեան հաստատման: Կ՛ուզեմ վերահաստատել Եւրոպական խորհրդարանի դիրքորոշումը, որ Լաչինի միջանցքի փակումը ապօրինի է եւ պէտք է դադրեցուի: Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները եւ բարեկեցութիւնը պէտք է պաշտպանուին ու Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգանքի արժանանայ: Ես այս ուղերձը ինծի հետ կը տանիմ Պրիւքսէլ, վկայութիւն կու տամ այն մասին, թէ ի՛նչ տեսանք եւ լսեցինք Հայաստան մեր կեցութեան ընթացքին», ըսաւ ան։
Լուազօ ըսաւ, թէ նկատի ունենալով, որ Լաչինի միջանցքին փակումը ապօրինի է, ինք ուղերձ կը յղէ Պաքուի մօտ հաւատարմագրուած եւրոպացի դեսպաններուն, որ եթէ Ատրպէյճան զանոնք հրաւիրէ ապօրինի տեղակայուած անցակէտը, անոնք պէտք է ձեռնպահ մնան հրաւէրը ընդունելէ` հետեւողական մնալով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռի պայմաններուն։
Ան նաեւ յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանը ամբողջութեամբ կը սատարէ Լաչինի միջանցքը միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան ուղարկելու գաղափարին, ինչպէս նաեւ կ՛ողջունէ ընդհանրապէս միջազգային ներկայութեան գաղափարը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները եւ շահերը ամբողջութեամբ պաշտպանելու համար:
«Մենք նաեւ միանգամայն կողմ ենք, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ ընդունուի: Եւ որքան շուտ, այնքան լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ՄԱԿի Ապահովութան խորհուրդի անդամները նախապատրաստեն այդպիսի բանաձեւի մը նախագիծը», ըսաւ Լուազօ: