Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 2023ի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի ըմբիշները կ՛արձանագրեն տպաւորիչ արդիւնքներ, կը հաղորդէ Հայաստանի ըմբշամարտի դաշնակցութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
63 քլկ. դասակարգի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն, Եուրիկ Նովէեան բաւական փայլուն` 12-1 արդիւնքով, յաղթանակ մը արձանագրելով իր թուրք մրցակիցին դէմ՝ մեծ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Նովէեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն այլ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրած էր իր ատրպէյճանցի մրցակիցին դէմ:
Վիգէն Նազարեան (87 քլկ.) եւ Հոմերոս Առաքելեան (55 քլկ.) ապահովեցին կիսաւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ Վահէ Յովհաննիսեան (77 քլկ.) եւ Արամայիս Յարութիւնեան (130 քլկ.) ախոյեանութիւնը չյաջողեցան շարունակել:
Հայրենի կազմը այս ախոյեանութեան կը մասնակցի մարզիչներ Մովսէս Կարապետեանի, Արմէն Առաքելեանի, Տիգրան Սահակեանի եւ Ժորա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ: