Եւրոպական խորհուրդի Ընդհանուր քարտուղարին նախաձեռնութեամբ` Հայաստան կ՛այցելէ եւրոպական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ կատարուելիքները մշակելու նպատակով:
Պաշտօնական հանդիպումներէն բացի, պատուիրակութիւնը այցելեց Սիւնիքի մարզը, ուր հանդիպումներ ունեցաւ մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեանի, Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Էրիք Տիքումէի, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Հայաստան մնացած արցախցի բնակիչներու հետ: Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Կոռնիձոր եւ Լաչինի միջանցքի սկզբնամասը:
«Այցը հնարաւորութիւն էր տեղում աւելի լաւ հասկանալու իրավիճակը` մարդու իրաւունքների հետ կապուած իրավիճակն եւ մարդասիրական լուրջ հետեւանքները Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի համար: Չի կարելի հերքել, որ Ադրբեջանը փակել է Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող կեանքի միակ ճանապարհը: Ադրբեջանը պէտք է ապահովի ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով ` կատարելով նաեւ Միջազգային դատարանի եւ ՄԻԵԴ վճիռները ու ԵԽԽՎի վերջերս ընդունուած նոր բանաձեւը», «Թուիթըր»ի վրայ գրած է Եւրոպայի խորհուրդին մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արման Խաչատրեան:
Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան հարցերու գլխաւոր տնօրէն Խրիստոս Եաքումոփուլոսի եւ քաղաքական ու արտաքին յարաբերութիւններիու հարցերու տնօրէն Միրոսլաւ Պապայի հետ եղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Արցախի ժողովուրդին դէմ ծառացած մարդասիրական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու սահմանափակումները։ Անոնք անդրադարձան Եւրոպական խորհուրդի դերակատարութեան` նկատի ունենալով վերջինիս յանձնարարութիւնը եւ գործունէութեան շրջանակը եւ կարեւոր սեպելով ԵԽԽՎի կողմէ վերջերս ընդունուած «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ ապահով մուտքի երաշխաւորում» բանաձեւը:
Յովհաննիսեան ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ ապահովութեան երաշխիքներու հասցէագրման հարցերը:
Հանդիպման քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Եւրոպայի խորհուրդ գործընկերութեան օրակարգի շարք մը հարցեր: