Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, ներկայութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, 27 Յունիսի երեկոյեան, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2022-2023 կրթական տարեշրջանի 10րդ դասարանի աւարտականներու հանդէսը` Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աւարտական դասարաններու վկայականներու եւ 7րդ դասարանի վկայագիրներու բաշխումը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, խօսք առաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան: Ան նկատել տուաւ, որ մեր ետին կը գտնուի 95 տարուան ուղի մը, որ ընթացաւ իր հիմնադիրներուն` Լեւոն Շանթի, Համօ Օհանջանեանի, Սիմոն Վրացեանի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ ուրիշ մեծութիւններու տեսլականով, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` հայօրէն ապրիլ եւ գոյատեւել, ինչպէս նաեւ հայ մշակոյթին եւ արուեստին կառչած մնալով` ապրիլ ու զարգանալ:
Շարունակելով իր խօսքը` Հարպոյեան շեշտեց, որ երկրին մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ առողջական պայմանները մէկ կողմէ մեր ժողովուրդին ամէնօրեայ մտահոգութիւնը եւ դժուարութիւնները, արտակարգ եւ անորոշ պայմանները, Արցախի պատերազմը եւ արձանագրուած բազմատեսակ կորուստները միւս կողմէ` արգելք չհանդիսացան իրենց` շարունակելու իրենց գործը, այլ ընդհակառակն, զիրենք դրին յաւելեալ պատասխանատուութեան դիմաց, աւելցնելով, որ պիտի շարունակենք ապրիլ անհատական եւ հաւաքական մեր կեանքը, ու պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները, պիտի կենդանացնենք մեր սովորութիւնները, պիտի կատարենք ազգային եւ մշակութային մեր պարտականութիւնները:
Ան յայտնեց, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը յարմար նկատած են 2022-2023 տարեշրջանի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի հունձքը, ինչպէս նաեւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի 7րդ եւ 10րդ դասարաններու հունձքերը անուանել «95ամեակի սերունդ»` առ ի երախտագիտութիւն Համազգայինի հիմնադիրներուն:
Հարպոյեան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Հիմա որ կը մեկնիք, նկատի ունեցէ՛ք, որ ձեր վկայականներուն հետ ամբարած էք նաեւ հայկակա՛ն ոգին, շունչը եւ ճաշակը` իբրեւ մասունք մեր ինքնութեան ու գոյատեւման: Սորվեցէ՛ք, արձանագրեցէ՛ք յաջողութիւններ եւ նուաճումներ, բայց ձեր կարգին, դուք ալ ներդրում ունեցէ՛ք ձեզի հարազատ միջավայրէն` այս քոլեճին մէջ: Կը մաղթենք, որ իբրեւ ժառանգորդները հիմնադիր սերունդին` երթը կը շարունակէք հիմնադիրներուն հետքերով, նոյն տեսլականով ու նոյն յանձնառութեամբ», եւ եզրափակելով իր խօսքը` ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան իրենց` հաւաքական ճիգերով յաղթահարելու համար զանազան դժուարութիւններ, եւ սատարեցին երկու տարուան ընթացքին իրենց տարած աշխատանքին:
Այնուհետեւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նուագախումբը, ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Կարօ Աւեսեանի, մեկնաբանեց «Կէյմզ Աֆ Թրոնզ», «Աւէ Մարիա», «Նուպար Նուպար», «Ապարան», «Կտոր Մը Երկինք», «Լիպերթանկօ» եւ «Քէն Քէն» երաժշտական կտորները:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները` զոյգ կեդրոններով, միշտ եղած են այն վայրերը, ուր հայ աշակերտը կը զինուի իր հայկական մշակութային արժէքներով՝ աւելցնելով, որ Գեղարուեստի դպրոցներուն առաքելութիւնը լայնածաւալ է` սփիւռքահայութեան մէջ եւ մեծապէս շեշտուած է լիբանանահայութեան մօտ: Ան յայտնեց, թէ կ՛ապրինք դար մը, որ կը միտի բնաջնջել սովորութիւններ եւ մարդկային արժէքներ, նաեւ` համաշխարհայնացման ճամբով փճացնել ազգերու մշակոյթը:
Ապա ելոյթ ունեցան` Մինա Պուէրի, որ ջութակի վրայ մեկնաբանեց «Ցայգերգ»-ը, Նաթալի Աբոքեան` տուտուկի վրայ «Ուզունտարա»ն` տհոլի ընկերակցութեամբ Սէրուժ Գույումճեանի, Ալեակ Մկրեան` դաշնամուրի վրայ «Էլէճի»ն:
Օրուան բանախօս վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան նկատել տուաւ, որ շրջանաւարտութեան սոյն հանդիսութիւնը յատուկ իմաստ ունի, որովհետեւ կը զուգադիպի Համազգայինի հիմնադրութեան 95ամեակին՝ աւելցնելով, որ տարեդարձները գեղեցիկ առիթներ են նայելու դէպի անցեալը եւ արժեւորելու մեր աշխատանքը, նաեւ` նայելու դէպի ապագան, մեկնելով այսօրուան մարտահրաւէրներէն: Ան յետադարձ ակնարկ մը նետեց դէպի անցեալ, որուն մէջ կը կայանան այն ազդակները, որոնք մղեցին Համազգայինի 9 հիմնադիրները` հիմնելու կառոյց մը, որ 95 տարիներու ընթացքին պիտի դառնար հայ ժողովուրդի, Սփիւռքի կրթութեան եւ մշակութային նախարարութիւնը: «Համազգայինի տարած աշխատանքը մեր ժողովուրդին համար համազօր է պետական կառոյցի մը ամբողջական հսկայ աշխատանքի, որ իր մէջ կը ներառէ` դպրոց, գիրք, տպարան, ամսաթերթ, թատրոն, պարախումբ, գեղարուեստ, երաժշտութեան դպրոց, երգչախումբ, եւ այս բոլորը` միշտ երկսեռ եւ տարիքային բաժանումներով», հաստատեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան` նկատել տալով, որ անցեալէն եկած հարուստ ժառանգութիւնը, որ իր մէջ կը պարունակէ հոգեւոր, ազգային, մշակութային, լեզուական եւ այլ արժէքներ, պէտք է բարելաւուին եւ զարգանան` քայլ պահելով ներկայ զարգացումներուն հետ: Բանախօսը հաստատեց, որ այսօրուան մեր գաղութներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները նոյնքան դժուար եւ նման կրնան ըլլալ այն վիճակներուն, որոնք ծնունդ տուին Համազգայինին՝ շեշտելով, որ մենք այսօր պէտք ունինք հիմնադիրներուն տագնապելու հոգիին եւ հաւատքին, որոնք մեզ պիտի մղեն աշխատանքի եւ ունենալու տեսիլք` 100 եւ յաջորդ տարեդարձներու այդ ճամբուն վրայ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Կասիա Էճիտեան` սրինգ, որ մեկնաբանեց «Տօնական Նախերգանք»ը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ալեքսանտր Սուսանիի եւ տհոլի ընկերակցութեամբ Սէրուժ Գույումճեանի եւ Գեղամ Սարգիս դաշնամուրի վրայ` «Գարուն Ա»ն:
Աւարտին առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան շնորհաւորեց Համազգայինի 95ամեայ երթը` գնահատելով անոր առաքելութիւնը իր Գեղարուեստի դպրոցներով եւ մաղթելով յաջողութիւն եւ նոր նուաճումներ:
Այնուհետեւ սրբազանը, Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական եւ վարչական տնօրէները յանձնեցին վկայականները եւ վկայագիրները: 7րդ դասարանէն վկայագիր ստացան` Ալեքս Մանոր Հալլաճեան, Քրիսթինա Պապոճեան, Այգ Գէորգեան, Տալիլա Գասապեան, Յարութ Սերժիօ Պուտուրեան, Կասիա Հաճէքեան, Քեւըն Եուսեֆ, Սեմ Վարդանեան, Սէրլի Մուղալեան, Սէրուժ Ղազարեան, Վարդան Աւեսեան եւ Զարեհ Սերոբեան:
10րդ դասարանէն վկայական ստացան` Ալեակ Մկրեան, Կասիա Էճիտեան (կիթառ եւ սրինգ), Նաթալի Աբոքեան, Գեղամ Սարգիս, Մինա Պուէրի, Լուսին Թիլպեան, Մուսթաֆա Մաթար, Պերճ Տեմիրճեան եւ Ժոյա Ալ Լահամ: