Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը եւ Եւրոպական Միութիւնը անդրադարձան Արցախի ծանր կացութեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով յատկապէս Կարմիր Խաչի գործունէութեան խափանման, ինչ որ առաւել եւս կը սրէ մարդասիրական ճգնաժամը։
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն յայտնեցին, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակուող շրջափակումը խորապէս կը մտահոգէ Միացեալ Նահանգները։ Այս մասին դեսպանատունէն յայտնեցին՝ պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ի՛նչ է Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը Պաքուի վերջին օրերու քայլերուն՝ արգիլել Արցախէն բժշկական տարհանումները եւ Կարմիր Խաչի ինքնաշարժներուն երթեւեկը։
«Մարդասիրական երթեւեկի կասեցումը առաւել կը սրէ վատթարացող մարդասիրական իրավիճակը եւ կը վտանգէ խաղաղութեան գործընթացին մէջ վստահութիւն ձեւաւորելու ջանքերը: Անյապաղ պէտք է վերականգնի Լաչինի միջանցքով ազատ եւ բաց տարանցումը», շեշտեցին դեսպանատունէն։
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքով Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան գործունէութեան կասեցման՝ շեշտեցով, որ հաստատօրէն կ՛աջակցի կառոյցի գործունէութեան՝ իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայ հիմնական մարդասիրական կազմակերպութիւն:
Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ Կարմիր Խաչը կ՛ապահովէ մարդասիրական էական աջակցութիւն եւ պաշտպանութիւն անոնց, որոնց համար ասոնք անհրաժեշտ է` չէզոքութեան, անկախութեան եւ անաչառութեան մարդասիրական սկզբունքներուն համահունչ:
«Լաչինի միջանցքի երկայնքով անոնց աշխատանքը բացառապէս կեդրոնացած է Արցախի հայ բնակչութեան համար անհրաժեշտ կարիքներու եւ մարդասիրական օգնութեան ապահովման վրայ: Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն պարտականութիւնն է ապահովել պայմաններ, որոնք թոյլ պիտի տան Կարմիր Խաչին`շարունակել իր գործունէութիւնը եւ կանխել հաւանական մարդասիրական ճգնաժամը:
Եւրոպական Միութիւնը վճռականօրէն կ՛աջակցի Կարմիր Խաչի վճռորոշ դերի իրագործման՝ տարածաշրջանին մէջ եւ կը վերահաստատէ իր կոչը Ատրպէյճանին` ապահովելու Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ ապրանքներու անխոչընդոտ տեղաշարժը», կ՛ըսուի միութեան հաղորդագրութեան մէջ: