ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կենդանական աշխարհին եւ բնութեան նուիրուած յայտագիրները պատկերասփիւռի յատուկ կայաններէ երկարաշունչ աշխատանքի արդիւնք են: Զիրար յաջորդող տեսարանները, որոնք բնութենասէր եւ բնութենապաշտպան անձերէ բացի նաեւ բարի մարդիկ այնքան հետաքրքրութեամբ կը դիտեն, երբեմն տարիներու վրայ տարածուած աշխատանք կ՛ենթադրեն: Յաճախ երկար ամիսներու համբերութիւն կը պահանջեն թռչունի մը ձագ ածելը, թրթուռի մը թիթեռնիկ դառնալը, փայտփորի մը գլխամուրճին կտրուկ հարուածները ծառի բունին եւ այնտեղ բոյն դնելը, զորս մենք սոյն ծրագիրներուն միջոցաւ կը տեսնենք, ընդամէնը մէկ ժամուան մէջ:
Համաձայն ենք, որ »մարդը ընկերային կենդանի մըն է«, սակայն բանականութեան առկայութիւնը անոր մէջ, յաճախ կը ստիպէ մեզ, որ մարդը տեսնենք կենդանիէն աւելի բարձր դիրքի վրայ: Բանականութեամբ իր կեանքը տնօրինող, երկնատուր իր իմաստութիւնը ուսումով կատարելագործող, եւ մանաւանդ գիտութեամբ զարգացուցած իր ուղեղով աստուածատուր իր ապրած օրերը կարգաւորող մարդը, ինչպէ՞ս կրնանք միայն բնազդով շարժող կենդանիին հաւասար դասել:
Հաւատքի առումով, կար ամբողջութեամբ անտարբեր, նոյնիսկ անաստուածութեան մակարդակին հասած անձ մը, որուն ունեցած սէրը իր զաւակներուն հանդէպ, ո՛չ միայն օրինակելի էր, այլեւ՝ նախանձելի: Այն հոգատարութիւնը, որ ան կը ցուցաբերէր իր զաւակներուն նկատմամբ, կարելի է ըսել ամէն վայրկեանի ուշադրութիւն էր, հայրական սիրով եւ ծնողական հազուադէպ գուրգուրանքով համեմուած: Օրուան ընթացքին քանի մը առիթներով հանդիպած մարդ մը, երբ քու ներկայութեանդ երեք կամ չորս անգամ իր զաւակներուն կը հեռաձայնէ՝ կը հարցնէ, եթէ բանի մը կարիքը ունին, կամ անոնց կողմէ հեռաձայն կը ստանայ, որոնք իրենց սէրն ու ակնածանքը կը յայտնեն իրենց հօր, թերեւս քեզի համար կրնայ կեղծ թուիլ. սակայն հաւատա՛ որ կան նման մարդիկ, ծնողներ եւ զաւակներ, զիրար անկեղծօրէն սիրող ու հոգեւին կապուած իրարու…։
Անհեթեթ թուացող վերոյիշեալ երեւոյթին շատ աւելի տարօրինակ կողմը այն է, որ յիշեալ անձը, այլոց նկատմամբ յարձակողապաշտ, վնասակար եւ նոյնիսկ վտանգաւոր անձնաւորութիւն էր…։ Ահա անօրինակ կշիռք մը, որուն նժարին մէկ կողմը առատաբուռն բարիքով լեցուն է, իսկ միւս կողմը՝ տմոյն չարիքով…։
Անկարելի թուացող այս կացութիւնը բացայայտ իրականութիւն էր: Ամէն մարդ գիտէր, եւ վստահաբար իր մորթին վրայ ալ զգացած էր, որ սեփական զաւակներուն հանդէպ այս հրեշտակը, ուրիշներուն նկատմամբ՝ ուղղակի հրէշ էր: Անգթութիւնը, աճպարարութիւնը, խաբեբայութիւնը, դրամաշորթութիւնը եւ զեղծարարութիւնը, բայց մանաւանդ երեսպաշտութիւնը եւ ստախօսութիւնը, յիշեալ անձին ինքնութենէն աւելի՝ անոր էութիւնը կը կազմէին. բայց ինչպէ՞ս այս երկուութիւնը, որ տրամաբանութենէ հեռու է փասախներով. աւելին, դժուար է իրականացնել այսքան տարբեր չափ ու կշիռ մէկ կեանքի ընթացքին: Դեռ աւելին, նման տարբեր մօտեցում մէկ վայրկեանէն միւսը փոխուող տրամադրութեամբ, գրեթէ անկարելիութիւն է…։ Ճիշդ նման պարագաներու համար ստեղծուած է »սատանի ծնունդ« բացատրութիւնը, որ իբրեւ ածական կը տրուի վերոյիշեալ նկարագիրով անձերուն:
Անբացատրելի եւ անլուծելի վերոյիշեալ կացութեան համար ելք մը գտնելու նպատակով, բարեհամբաւ մարդիկ կ՛ուզեն ուղղութիւն ցոյց տալ այն հօր, որ իր զաւակներուն նկատմամբ բացառիկ սիրով հայրական ցուցանիշ արձանագրեր էր, սակայն ուրիշներու զաւակներուն նկատմամբ վայրագութիւն ցուցաբերեր…։ Անոնք քրիստոնէական խրատներով, սուրբգրային պատգամներով եւ այլ բարոյագիտական ցուցմունքներով փորձեր կատարեր էին, ուրիշներու նկատմամբ փափկացնելու յիշեալ ենթակային վերաբերումը: Ի զարմանս միջնորդներուն՝ ենթական իր բնապաշտական հաւատալիքները իբրեւ փաստարկ ներկայացուցեր էր՝ ըսելով.
_ Մինչեւ իսկ վայրի գազանը նոյն վերաբերումը ունի: Ան նոյնիսկ ուրիշին ձագերը կ՛որսայ՝ իր սոված նորածինները կերակրելու համար: Չէ՞ք տեսած, թէ ինչպէս արծիւը իր ճանկերուն մէջ նոյնիսկ գառնուկ կը բարձրացնէ հարիւրաւոր մեթր դէպի երկինք եւ ժայռերու վրայ նետելով կը սպաննէ զայն եւ յօշոտելով, պատառ առ պատառ կը թխմէ հաւկիթէն նոր դուրս եկած իր ձագերուն կոկորդին մէջ: Ատիկա ուրիշին ձագը չէ՞ր. ինչպէ՞ս վերաբերուեցաւ արծիւը անոր նկատմամբ, նոյնիսկ այդ վերջնոյն մօր տեսադաշտէն յափշտակելով ձագը: Միւս կողմէ, չէ՞ք տեսած, թէ վայրի գազանը ինչպէ՜ս կը գուրգուրայ իր ձագին, ո՛չ միայն կը խնամէ, այլեւ կը պաշտպանէ զայն օտարի յարձակումներէն: Չէ՞ք տեսած, անիկա երբեք ուրիշին ձագը չի՛ պաշտ-պաներ, որովհետեւ անոր ապահովութիւնը զինք չի՛ հետաքրքրեր:
_ Այո, բայց ուրեմն ի՞նչ է տարբերութիւնդ կենդանիէն, գիշատիչ թռչունէն, վայրի գազանէն…, _ պատասխաներ են զայն դարձի բերելու միտումով անոր մօտեցողները:
Այս հարցումին պատասխանը ինչքա՛ն ալ փնտռէ անաստուած մարդը, չի՛ կրնար գտնել, որովհետեւ անոր բառարանին մէջ «ուրիշը» բառը չկայ, այլ միայն ինք եւ իրենները, որով իր իսկ մտածողութեամբ, կը նոյնանայ անասուններուն, միախառնուելով անբան կենդանիներուն…։
Իր բանականութեամբ անասուններու աշխարհէն տարբերուող մարդը, անաստուածութեան պատճառով կը զրկուի նաեւ բանական էակ ըլլալու շնորհքէն: Առաւելութիւն մը, որ զինք աստուածայինին աւելի պիտի մօտեցնէր, հեռացնելով կենդանական աշխարհէն:
Եւ իրօք այդպէս չէ՞: Բանական էակը իր դատողութեամբ, եւ մանաւանդ ուրիշներու հանդէպ սիրով ու խղճամտանքով չի՞ հեռանար կենդանական աշխարհէն, վայրի անասուններու եւ գիշատիչ թռչուններու բնազդային շարժումներէն, եւ աւելի չի՞ մօտենար բարեգութ Աստուծոյ գթասիրտ էութեան…։
Ուրիշին զաւակին հանդէպ սիրոյ եւ հոգածութեան օրինակները բազմաթիւ են, սակայն անձամբ հանդիպած ենք այնպիսի անձերու, որոնք դժբախտացած կամ ծնողազուրկ մանուկներ որդեգրած են, եւ մինչեւ իրենց մահը երբեք չեն զգացուցած, թէ՝ իրենք արեան ճամբով ծնողները չեն այդ որդեգիրներուն…։ Սէրը, խանդաղատանքը, հոգածութիւնը եւ խնամքը այնքան առատօրէն բաշխած են սոյն անձերը, որ ենթական մէկ վայրկեան իսկ չէ կասկածած անոնց ինքնութեան. միայն անոնց մահէն ետք յայտնուած է ճշմարտութիւնը, իսկ որդեգիր զաւակը երբեք չէ նուազեցուցած անոնց յիշատակին հանդէպ իր յարգանքը…։
Կեանքը անակնկալներ ունի մեզի մատուցելիք, պատրաստ ըլլանք անոնց, կամ՝ ոչ: Սակայն կենդանիէն մեր՝ տարբերութիւն ունենալու գիտակցութիւնը, Արարիչ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը, մեր յարգանքի առաջնահերթ արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ, որուն բարեբեր պտուղները անպայման պիտի ճաշակէ հաւատացեալ մարդը:
Աստուծոյ վրայ ունեցած հաւատքովդ պիտի փաստես կենդանիներէն ունեցած տարբերութիւնդ, այլապէս ի՞նչ իմաստ ունի զաւակներդ սիրել, գուրգուրալ անոնց եւ սակայն չհաւատալ զանոնք քեզ Պարգեւողին…։