ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անակնկալ հեռաձայնը խանգարեց մեր տան մթնոլորտը: Սրտաբանիս գրասենեակէն՝ վրդոված եւ քիչ մըն ալ բարկացած ձայնով պաշտօնեան կը յիշեցնէր, թէ ես դարձեալ ո՛չ միայն չէի յարգած ժամադրութիւնս, այլ նոյնիսկ չէի ներկայացած:
Անվիճելի իրականութի՛ւն: Ահա նոր ճշմարտութիւն… Ժամանակի գիտակցութեան պակաս: Ի՜նչ կ՛ուզէք, ըսէ՛ք: Միտքս կարծես երես դարձուցած էր ինծի: Իրապէս, որ մոռցած էի: Յայտնի էր, թէ յիշողութիւնս անգամ մը եւս զիս դաւաճանած էր: Անտեղի բան մը պատահած էր: Անընդունելի՛:
Ի՞նչ կրնամ ընել:
Ու յանկարծ տեսայ, որ երկու տղաքս, «առաջնորդութեամբ» անշուշտ կնոջս, սենեակս մտնելով զիս շրջապատեցին: Ահա հոգեկան նոր տագնապ մը: Իրենց աչքերէն կարելի էր կարդալ ամէ՛ն բան: Դատի կանչուած ամբաստանեալի կը նմանէի, երբ կասկածով լեցուն դէմքերով՝ բոլորը ինծի նայեցան, ապա երկար շարանով իրենց «ինչո՞ւ»ներու եւ «ինչպէ՞ս»ներու տարափները գլխուս թափեցին.
– Քա՛ մարդ, մեղաաաաա՜յ… ինչպէ՞ս կը մոռնաս… ասանկ ժամադրութիւն կը մոռցուի՞… սա «զըխըմը» տեղ մը գրէ՛… «մեծմը» մարդ ես… «չոչուխ» չես ալ…:
– Պա՛պ, «Այֆօն» ունիս, ինչո՞ւ չես արձանագրած… գոնէ օրացոյցին վրայ գրէիր:
– Քեզի ձեռքի «թելեֆոն» ալ առած ենք, պա՛պ… գործածէ՛… ամօթով կը մնանք «կոր»…:
Եւ տակաւին տեսակաւոր լեղի խօսակցութիւն:
Իսկապէս, որ սենեակէս ներս ծնած էր տագնապ մը, որմէ ետք, ամէն ինչ գրուած ու անգիր «երգերու» նման՝ տեսարան:
Կեանքը անօրինակ թուեցաւ, ու վայրկեանները կարծես պահածոյ պտուղներու համը ստացած էին: Գիտէի, որ բոլորին մօտ, այս ծանր կամ թեթեւ բոլոր նախադասութիւնները, որոնց մէջ կային նաեւ հրահանգի շեշտեր, ծնունդ էին իրենց մտահոգութիւններուն: Իրաւունք ունէին:
Է՜հ, վերջապէս խաղալիք բան չէ սիրտ ըսուածը: Ինչպէ՞ս կրնայի մոռնալ նման բան, յատկապէս այս օրերուն, երբ իմ կեանքս հիւանդութեան ճանկերուն մէջ բռնուած է եւ երբ բժիշկիս տուած կամ տալիք դեղերը լոյսի չափ անհրաժեշտ կը նկատեմ:
Յիշել կամ վերյիշել: Բան մը, որ շատ դժուար էր այս տարիքէն ետք: Թէեւ վայրկեաններս կորսնցուցած էին իրենց շրջագիծը, սակայն հաւատացէ՛ք, չփորձեցի հակադարձել կամ ինքնարդարացումի դիմել: Յանցաւոր մըն էի, եւ վե՛րջ: Բայց միւս կողմէ, կը մտածէի.- Է՛հ, մարդ ես. կրնաս մոռնալ… իրենք ալ կրնան մոռնալ… գործածս մեծ կամ ծանր ոճիր մը չէ՛ր…:
Զղջալը ամօթ մը չէ, եւ ես մեղքս ընդունած էի: Մտովի ես ինծի հարց կու տայի.
– Արդեօք այս առթիւ իմ ըսելիքներս կամ արդարացնելու պատճառաբանութիւններս պիտի կրնայի՞ն զիրենք համոզել: Արդարացումներս պիտի հասկնայի՞ն: Պիտի բաւարարուէի՞ն: Չե՛մ գիտեր: Շուարում մը պատած էր միտքս: Իսկապէս միտքերու պատկերաւոր ժխոր մըն էր, զոր կ՛ապրէի: Թերացում, առաւել՝ մոռացութիւն:
Հաստատապէս միտքիս կեդրոնացումը խախտած էր: Բացայայտ էր, թէ ես ինծի հետ հաշտ չէի:
Նախ փորձեցի «ծերացած» ձայնովս ներկայութիւնս զգացնել իրենց: Ահա՝ դարձեալ ինքնախաբէութիւն: Թէեւ սրդողած էի, սակայն՝ ոչ յուսահատած: Յետոյ քիչ մը կմկմացի: Փորձեցի ամփոփել մտածումներս, առանց բացայայտելու մտահոգութիւնս եւ անկէ ծնունդ առած «թեթեւ» յուզումս: Լաւապէս գիտէի, թէ կեանք եւ տարիք առնչուած էին իրարու: Բայց ես հպարտ էի իմ տարիքովս եւ մտովի ինքզինքս կը համոզէի՝ ըսելով, թէ տարիքը չէ՛, որ կը ճշդէ ամէն բան, եւ թէ մեղք ըսուածն ալ հետեւանքով կը չափեն: է՜հ, աշխարհ…
Ուրեմն, յիշողութեանս ներկայութիւնը հաստատող «յուշարար»ջ մը ձայնին անմիջական կարիքն ու պահանջը ունէի, որպէսզի նման անտեղի, տխուր, նոյնքան ալ անհաճոյ անակնկալներէ հեռու մնայի: Մէկ խօսքով՝ զիս «արթուն» պահող յիշողութեան աղբիւրի մը:
Ուստի, ապրումներս ամփոփելով դիմեցի մեր խոհանոցի պատէն կախուած օրացոյցին: Լուծում մը ապահովող զարկերակը գտած էի…
Տարիներէ ի վեր, բացի ազգային եւ տօնական օրերու ճշդումներէն, օրացոյցին դիմած էինք՝ զաւակ, թոռնիկ, մօտիկ կամ հեռու մտերիմներու ծննդեան կամ ամուսնութեան թուականներու արձանագրութիւններուն համար, զորս օրին կինս գրած կ՛ըլլար, իսկ ամէն Դեկտեմբեր, երբ նոր տարուան օրացոյցը ստանանք, զանոնք հատիկ-հատիկ կը փոխանցէր նորին էջերուն:
Որպէսզի ժամանակի գիտակցութիւնս չկորսնցնէի, սկսայ բժիշկներուս ժամադրութեան թուականները մէկ առ մէկ արձանագրելու: Այս ձեւով որոշած էի վերակազմակերպել կեանքս:
Յանկարծ, Աստուա՜ծ իմ… այս ժամադրութիւնները ցուցադրող օրացոյցի էջերը, կարծես յուշատետրէս նախանձելով՝ դարձած էին խճողուած, չոր ու ցուրտ վերջակէտի նման պատկեր-գծագրութիւններ, որոնց տակ կորսուած էին տարեդարձներու եւ կարգ մը այլ յիշեցումներու թուականները: Նախ, քիչ մը զարմացայ, բայց կամաց-կամաց, ի տես այս մեծ «գիւտիս»՝ ուրախացա՛յ: Այլեւս այս մէկը սովորական օրացոյց մը չէր, այլ՝ բժիշկներու անուններով զարդարուած ժամադրութիւններու ցուցակ:
«Երկուշաբթի՝ սրտի բժիշկ, Հինգշաբթի՝ ականջի, գալիք Երեքշաբթի՝ թոքերու, յաջորդ օրը՝ կնոջս արեան քննութիւն… եւ այսպէս՝ ամսուան օրերու իրերայաջորդ քառակուսիներէն ներս խճողուած ժամադրութիւններ:
Ուրիշ ճար չունէի: Ինքնահաճոյ մօտեցում մը, որուն շնորհիւ թերացումներէս պիտի փրկուէի: Հարուստ, սակայն՝ հաւատարիմ յուշարար: Այսպէս, ամէն առաւօտ, հազիւ պատառ մը նախաճաշ ըրած՝ անպայման կը մօտենայի օրացոյցին, աւելի ճիշդ՝ յիշողութեան թուղթէ ցուցակին, որպէսզի ես զիս փնտռէի այդ օրուան մէջ ու անոր համաձայն ժամերս եւ գործերս դասաւորէի:
Օրացոյցս ինծի համար վստահութիւն ներշնչող յուշարար մը դարձած էր, որպէսզի ալ չմոռնայի՛, չշուարէի՛: Իսկապէս, ամէն անգամ երբ զինք կը դիտեմ, կ՛ուրախանամ, որովհետեւ հոն տեղադրած արձանագրութիւններս կը պարտադրեն յստակ իրականութիւն… հիւանդ-բժիշկ յարաբերութիւնները ճշդող եւ ցուցադրող անխօս ներկայութիւն:
Ահաւասի՛կ նոր զբաղումս… Միամիտ հաւատք… անկեղծութեա՛մբ միշտ կ՛ըսեմ բոլորին.- Մի՛ ծերանաք… որովհետեւ որոշ տարիքէ մը ետք, կեանքը օրէ օր աւելի հետաքրքրական երեւոյթ մը կը դառնայ: Եւ որպէսզի ձեր մէջ ձեր յուշը միշտ պարէ… դիմեցէ՛ք ձեր ստեղծած «օրացոյցին»: