1 Յուլիսին, 94 տարեկանին մահացաւ ծագումով չեխ ֆրանսացի գրող Միլան Քունտերա: Լուրը փոխանցեց «Լը Մոնտ» ֆրանսական օրաթերթը:
Միլան Քունտերա կը նկատուի արդի գրականութեան ամէնէն յայտնի վիպասաններէն մէկը. ան մեծ գնահատականի արժանացած շարք մը վէպերու եւ պատմուածքներու հեղինակն է:
Անոր ամէնէն յայտնի ստեղծագործութիւնն է «Գոյութեան Անտանելի Թեթեւութիւնը» վէպը: Քունտերա զայն գրած է 1982ին եւ անիկա առաջին անգամ հրատարակուած է 1984ին:
Քաղաքական իր հայեացքներուն համար, Չեխոսլովաքիոյ մէջ հալածանքներու ենթարկուած Քունտերա 1975ին տեղափոխուած էր Ֆրանսա եւ տարիներ ետք սկսած էր գրել ֆրանսերէնով:
Արտասահման մեկնելէ ետք, ան Չեխիա չվերադարձաւ եւ արգիլեց իր ստեղծագործութիւնները հրատարակել Չեխիոյ մէջ:
2019ին Քունտերա Չեխիոյ վարչապետ Անտրէյ Պապիշի առաջարկով վերականգնեց իր քաղաքացիութիւնը, որմէ տասնամեակներ առաջ զրկուած էր՝ Չեխոսլովաքիոյ համայնավար ղեկավարներուն որոշումով: