Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան միացաւ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ մեկնարկած նստացոյցին: Այս մասին Թովմասեան յայտարարեց 17 Յուլիսին՝ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարներուն եւ մնայուն յանաժողովներու նախագահներուն մասնակցութեամբ շտապ խորհրդակցութեան ընթացքին:
Ան նշեց, որ նստացոյցը պայքարի ծայրայեղ միջոցներէն է, բայց ոչ ամէնէն ծայրայեղը:
«Արցախի ամբողջական պաշարումը օրէցօր յանգեցնում է վատթարագոյն ծայրայեղութեան, ինչն անդառնալի հետեւանքների պատճառ կը դառնայ», ըսաւ Թովմասեան: