Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի` 18 Յուլիսին. Վիեննայի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն, որոնք կը վերաբերին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ամբողջական շրջափակման եւ անոր պատճառով ստեղծուած մարդասիրական աղէտալի իրավիճակին:
Միրզոյեան յատկապէս ըսած էր հետեւեալը. «Ադրբեջանը Լեռնային Ղարաբաղում վարում է էթնիկ (ցեղային) զտումների քաղաքականութիւն, որի բացայայտ դրսեւորումն է Լեռնային Ղարաբաղի` արդէն եօթ ամսից աւել շարունակուող շրջափակումը: Լեռնային Ղարաբաղը կանգնած է մարդասիրական աղէտի եզրին: Դա տեղի է ունենում ի խախտումն միջազգային մարդասիրական նորմերի եւ ի հեճուկս միջազգային դերակատարների բազմաթիւ կոչերի, բանաձեւերի եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի Փետրուարի 22ի` իրաւաբանական պարտադիր ուժ ունեցող որոշման, որն, ի դէպ, Դատարանը վերահաստատեց Յուլիսի 6ի իր որոշմամբ»:
Իսկ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Այն փաստը, որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը յարգելու փոխարէն` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը` վկայակոչելով շուրջ 30 տարի բռնագրաւուած Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն իրաւունքներն ու ապահովութիւնը, կը վկայէ հայ պաշտօնեաներուն իրական մտադրութիւններուն մասին: Անընդունելի է Ղարաբաղի բնակչութիւն ըսելով նկատի ունենալ միայն հայ բնակիչներուն իրաւունքները եւ անտեսել այդ հողերէն վտարուած ատրպէյճանի բնակիչներուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը: Ատրպէյճան հայ բնակիչներուն հետ երկխօսութեան նախաձեռնող կողմն է, եւ կարեւոր է փոխադարձ պատասխան տալ Ատրպէյճանի այս բարի քայլերուն։ Տարածաշրջանին մէջ լարուած մարդասիրական իրավիճակին մասին յայտարարութիւնները Հայաստանի կողմէ քաղաքական արկածախնդրութիւն են եւ շահարկում: Ատրպէյճանի առաջարկած Աղդամ-Խանքենդի ճամբով բեռնափոխադրումներու վերաբերեալ առարկութիւնը այս պնդումներուն անհիմն ըլլալու օրինակ է»։