Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին կոչ ըրաւ՝ շտապ Ուքրանիա-ՆԱԹՕ նորաստեղծ խորհուրդի ժողով մը գումարելու: Կառոյցը ստեղծուած էր 11-12 Յուլիսին, Վիլնիուսի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕի վեհաժողովին ընթացքին:
«Ես Ենսին դիմեցի` առաջարկելով անյապաղ գումարել այս խորհուրդի ժողովը` ճգնաժամին վերաբերեալ համապատասխան խորհրդակցութիւններու համար: Այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն: Մենք կրնանք յաղթահարել Սեւ ծովուն մէջ ապահովութեան ճգնաժամը», ըսաւ Զելենսքի տեսաուղերձի մը ընթացքին:
Զելենսքի նախապէս յայտնած էր, որ Սթոլթենպերկի հետ քննարկած է Սեւ ծովու հացահատիկի միջանցքի ապաշրջափակման համար անհրաժեշտ միջոցները: Անոնք նաեւ գնահատած են Սեւ ծովու կացութիւնը եւ այն վտանգները, զորս անիկա կը պարփակէ համաշխարհային պարենի ապահովութեան համար:
Միւս կողմէ, 23 Յուլիսի գիշերը, դարձեալ հրթիռակոծուեցաւ Ուքրանիոյ Օտեսա քաղաքը: Հրթիռակոծումէն վնասուեցաւ Վերափոխման տաճարը, քանդուեցան տուներ եւ ենթակառոյցներ: Իշխանութիւնները կը յայտնեն մէկ զոհի եւ առնուազն 19 վիրաւորներու մասին:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ուղղափառ Վերափոխման տաճարի քանդումը «պատերազմական ոճիր մըն է, որ երբեք պիտի չմոռցուի»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ «աւանական կը նկատենք, որ Օտեսայի մէջ Վերափոխման տաճարը ուքրանական հրթիռով քանդուած է»:
Նախքան այդ, նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերը ծովէն եւ օդէն հրթիռային յարձակում գործած են եւ ճշգրիտ կերպով հարուածած Օտեսայի շրջանին մէջ գտնուող դիրքեր, ուրկէ պատրաստութիւն կը տեսնուէր Ռուսիոյ վրայ ահաբեկչական յարձակումներ գործելու, եւ այդտեղ օտար վարձկաններ կային: