Շաբաթ օր, Ռիատի մէջ գումարուած արաբական-իսլամական վեհաժողովի հաղորդագրութեան նախագիծը կոչ ուղղեց՝ խզելու Կազայի դէմ հաստատուած շրջափակումը եւ ստիպելու, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը, ներառեալ՝ սննդեղէն, դեղորայք եւ վառելանիւթ, անմիջապէս հոն հասնի:
Հաղորդագրութիւնը Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազին կոչ ուղղեց՝ անմիջապէս հետաքննելու Իսրայէլի՝ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ բոլոր բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն վրայ, ներառեալ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ գործած պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ ոճիրները:
Վեհաժողովը մերժեց «վրէժխնդրական պատերազմին ինքնապաշտպանութիւն որակումը կամ որեւէ պատրուակով արդարացումը»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց, որ հաղորդագրութեան մէջ ներառուած որոշումները «վճռական էին», սակայնանոնց նկատմամբ կան «որոշ վերապահութիւններ»:
«Իրան վերապահութիւն կը յայտնէ կարգ մը կէտերու նկատմամբ, մասնաւորաբար երկու պետութիւններու լուծումին եւ 1967ի սահմաններուն, ինչպէս նաեւ Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան վերաբերեալ», ըսաւ ան:
Իրան նաեւ «վերապահութիւն կը յայտնէ հաղորդագրութեան մէջ նշուածին, թէ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը (ՊԱԿ) պաղեստինցի ժողովուրդին օրինական ու միակ ներկայացուցիչն» է՝ աւելցնելով, որ իր երկիրը ամբողջ պաղեստինցի ժողովուրդը, ներառեալ ՊԱԿը կը նկատէ պաղեստինցիներու ներկայացուցիչներ, որոնք իրաւունք ունին «ինքնորոշման համար բռնագրաւողին դէմ պայքարելու»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլ շարունակեց Կազայի դէմ գործողութիւնները, անդամալուծեց երկու հիւանդանոցներ եւ պաշարելով Կազայի մեծագոյն հիւանդանոցը, ուր Երկուշաբթի օր նորածիններ եւ հիւանդներ մահացան, բաւարար վառելանիւթի եւ դեղորայքի չգոյութեան պատճառով։

Ըստ Կազայի աղբիւրներու՝ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառաւ, զոհերուն թիւը անցած է սահմանը 11,000ի որոնցմէ 5000ը՝ մանուկներ են։
Իր կարգին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաւանական նկատեց պաղեստինեան «Համաս» շարժումին մօտ գտնուող գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան գոյացումը:
Պատասխանելով գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան գոյացման հաւանականութեան մասին հարցումի մը՝ Նեթանիահու ըսաւ. «Անիկա հաւանական է, սակայն որքան այդ մասին քիչ խօսիմ, այդքան անոր իրականացման հաւանականութիւնը կը բարձրանայ»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էն.Պի.Սի.»ին յայտնած էր, որ քննարկուող գործարքը կը ներառէ Իսրայէլի մօտ արգելափակուածներու ազատ արձակման դիմաց «Համաս»ի մօտ գտնուող շուրջ 80 կին եւ մանուկ գերիներու ազատ արձակումը:
Նեթանիահու Շաբաթ երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ անտեսել զինադադարի կոչերը եւ «անհրաժեշտութեան պարագային, առանձինն դէմ պիտի դնէ ամբողջ աշխարհին»: